Անհնազանդութեան գործողութիւններու մասնակիցներէն երկուքը հիւանդանոցներու մէջ են։ Այսօր Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մօտ այդ մասին յայտարարած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը։
Անոր խօսքով՝ հիւանդանոցը կը գտնուի նաեւ երգիչ Արսէն Գրիգորեանը (Մրօն), եւս մէկ մասնակից Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցն է։ Անոր տեղեկութիւններով՝ Սիսիանի մէջ անհնազանդութեան գործողութեան մասնակիցներու նկատմամբ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ կիրառած է։
«Ոչ մի բանով չէք կարող կասեցնել այս ընթացքը»,- յայտարարած է սրբազանը՝ դիմելով ոստիկաններուն։
Անոր խօսքով՝ ոստիկանները յատկապէս ագրեսիվ են, երբ լրատուամիջոցները կը նկարահանեն։ Կը հարծէ՝ պարգեւավճարի հարց է։ Այսօր բերման ենթարկուածներու շարքին եղած են մարզիկներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, բժիշկներ։
Սրբազանն առաջարկած է քալել Սայաթ-Նովա փողոցով, նշած է՝ ուր ինչ պէտք ընել, կ՚ընեն, ժամը 17։00-ին պիտի հաւաքուին Շահումեանի հրապարակ։ «Կարեւոր գործ ունենք անելու»,-ըսած է ան։ Վաղը առաւօտեան ալ, ըստ Բագրատ սրբազանի, պիտի երթան Սարդարապատի յուշահամալիր։