Շուէտը դադրեցուցած է գործակցութիւնը Վրաստանի հետ: Տեղական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ խօսքը երկու երկրի իշխանութիւններու մակարդակով շփումներու մասին է։
«Վրաստանի մէջ զարգացումներն անհանգստութիւն կ՚առաջացնեն։ Խորհրդարանի ընտրութեան ժամանակ միջազգային դիտորդներու արձանագրած խախտումները կը հաստատեն այդ»,- յայտարարած է Շուէտի համագործակցութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Պենճամին Տուզան։
Միաժամանակ Սթոքհոլմը շուրջ 2,5 միլիոն տոլար յատկացուցած է՝ Վրաստանի քաղաքացիական հասարակութեան աջակցելու համար։