image

«Ֆըթր»ի տօնին առիթով. Այնճարի պատասխանատուներ այցելած են Պեքաայի Միւֆթիին

«Ֆըթր»ի տօնին առիթով. Այնճարի  պատասխանատուներ  այցելած են Պեքաայի Միւֆթիին

Օրերս Այնճարէն պատուիրակութիւն մը, Ֆըդրի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւններ տուած է Պեքաայի մուֆթիին, ինչպէս նաեւ Մաժտալ-Անճար գիւղի քաղաքապետին: Պատուիրակութիւնը կազմուած էր «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւէն, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէէն, քաղաքապետական կազմէն , գիւղի թաղապետներէն և կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբէն:  Նշենք, որ Գերպ. Տ. Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեանի անարգ սպանութիւնէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ զոհուած վարդապետը փոխարինելու կոչուած է հոգեւոր հովիւ՝   Հոգշ. Տ. Եզէկել  վրդ.Սէլումեան:

Եղելութեան մասին«Արեւելք»  իմացաւ «Մուսալեռ» դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

 Հինգշաբթի , 3 Ապրիլ 2025 -ին, Այնճարէն պատուիրակութիւն մը` կազմուած «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` նորանշանակ  Հոգշ. Տ.  Եզէկել վրդ.  Սէլումեանէն, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէէն, քաղաքապետական կազմէն , գիւղի թաղապետներէն և կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբէն, այցելութիւն մը տուաւ Պէքաաի մուֆդի Ալի Ղազզաուիին , իր նստավայր «Ազհար» ի մէջ , Ֆըդրի տօնին առիթով։ Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց հարեւան Մաժտալ-Անճար գիւղի քաղաքապետ` Ատնան Ֆըհմի Եասինն ու իր կազմը քաղաքապետարանին մէջ։

Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ սիրալիր կերպով , դրացիական ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Շնորհաւորանքներու կողքին , հիւրընկալներուն փոխանցուեցան Այնճարի քաղաքապետ ընկ. Վարդգէս Խօշեանի բարեւները , որ առողջական պատճառով չէր կրցած միանալ պատուիրակութեան։ Անոնք ալ իրենց կարգին բարի ապաքինում մաղթեցին։