Օրերս Այնճարէն պատուիրակութիւն մը, Ֆըդրի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւններ տուած է Պեքաայի մուֆթիին, ինչպէս նաեւ Մաժտալ-Անճար գիւղի քաղաքապետին: Պատուիրակութիւնը կազմուած էր «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւէն, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէէն, քաղաքապետական կազմէն , գիւղի թաղապետներէն և կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբէն: Նշենք, որ Գերպ. Տ. Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեանի անարգ սպանութիւնէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ զոհուած վարդապետը փոխարինելու կոչուած է հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եզէկել վրդ.Սէլումեան:
Եղելութեան մասին«Արեւելք» իմացաւ «Մուսալեռ» դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Հինգշաբթի , 3 Ապրիլ 2025 -ին, Այնճարէն պատուիրակութիւն մը` կազմուած «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` նորանշանակ Հոգշ. Տ. Եզէկել վրդ. Սէլումեանէն, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէէն, քաղաքապետական կազմէն , գիւղի թաղապետներէն և կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբէն, այցելութիւն մը տուաւ Պէքաաի մուֆդի Ալի Ղազզաուիին , իր նստավայր «Ազհար» ի մէջ , Ֆըդրի տօնին առիթով։ Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց հարեւան Մաժտալ-Անճար գիւղի քաղաքապետ` Ատնան Ֆըհմի Եասինն ու իր կազմը քաղաքապետարանին մէջ։
Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ սիրալիր կերպով , դրացիական ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Շնորհաւորանքներու կողքին , հիւրընկալներուն փոխանցուեցան Այնճարի քաղաքապետ ընկ. Վարդգէս Խօշեանի բարեւները , որ առողջական պատճառով չէր կրցած միանալ պատուիրակութեան։ Անոնք ալ իրենց կարգին բարի ապաքինում մաղթեցին։