Հայաստանի Հանրապետութեան գետերուն մէջ 13-14 յուլիսին ջուրի ելքերու բնական էական փոփոխութիւններ չեն նկատուած։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիդրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն» ՊՈԱԿ-ը:
12 Յուլիսի դրութեամբ Սեւանայ լիճի մակարդակը կազմած է 1900.70 մեթր, որ 6 սմ-ով ցած է նախորդ տարուան 12 յուլիսի ցուցանիշին համեմատ:
Ինչ կը վերաբերի ջրամբարներուն, ապա գրեթէ բոլոր ջրամբարներուն մէջ ջուրն աւելի շատ է, քան նախորդ տարի: