Ամերիկեան System of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան, Արցախի մէջ օրէ օր վատթարացող մարդասիրական ճգնաժամի լոյսին տակ, հանդէս եկած է բաց նամակով՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանին բանալու Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհ՝ Լաչինի միջանցքը:
Ինչպէս գրած է spin.com-ը, նամակի տակ ստորագրած են երաժշտութեան ոլորտի յայտնի ներկայացուցիչներ՝ Փիթըր Կապրիէլ, Ռոճըր Ուոթըրս, Թոմ Մորելօ, Սթիուըրթ Քոուփլընտ, Սեպուհ Սիմոնեան, Ռոզա Լին, Նիքոլաս Ճաար, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, Ալեն Հիւզ, դերասանները Արսինէ Խանճեան, Էրիք Պոկոսեան, Հերիէթ Ուոլթըր, Ալիա Շաուքաթ, Սեփիտեհ Մոաֆի:
«Ատրպէյճանցի զինուորները այժմ կ'արգելափակեն մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող մեքենաներու շարասիւններու մուտքն ու ելքը, եւ մարդասիրական ճգնաժամը աւելի կը խորանայ։ Խանութներուն մէջ կը սպառին առաջին անհրաժեշտութեան պարէնային ապրանքները. հիւանդանոցները ունին դեղերու եւ բժշկական պարագաներու սուր պակաս։ Փետրուարին (Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան) բարձրագոյն դատական մարմինը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը յանձնարարած է Ատրպէյճանին ապահովել ճանապարհով ազատ տեղաշարժը, սակայն Ատրպէյճանը կը շարունակէ անտեսել որոշումը», - spin.com-ի հետ զրոյցին նշած է Թանքեան։
«Բոլորը կ'աջակցին շրջափակման բացման, ԱՄՆ-էն մինչեւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Եւրոմիութիւնը, բայց այդ ամէնը խօսակցութիւն է: Մարդիկ սովամահ կ'ըլլան եւ բռնատիրական ռեժիմին ուղղակի ըսելը, որ ապօրինի շրջափակումը վերացնէ, չօգներ այդ մարդոց գոյատեւել: Ատոնք պարզապէս խօսքեր են: Գործողութիւններ չկան, եւ այդ է խնդիրը: Այդ արդէն բոլորը դատապարտած են, բայց ոչ ոք բան կ'ընէ։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կրնայ հեշտութեամբ ըսել Ատրպէյճանին, որ մենք կը պատրաստուինք օդային ճանապարհով մատակարարումներ ընել: Անոնք Հայաստանի մէջ գրասենեակ ունին, իսկ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստած պաշարներ ունի: Մենք կը փորձէինք կապ հաստատել Սամանթա Փաուըրի հետ, որ վերջինս ուշադրութիւն դարձնէ այդ խնդրի վրայ, եւ ան տեղեակ է այդ մասին, քանի որ ան այդ մասին գրառում կատարած է Twitter-ի էջին», - շարունակած է երաժիշտը:
Ան նաեւ նկատած է, որ լրատուամիջոցներու մէջ ամէն օր կարելի է կարդալ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մասին, սակայն միեւնոյն ժամանակ շատերը չեն գիտեր, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ։
«Մենք՝ որպէս միջազգային հանրութիւն, կեղծաւոր ենք, որովհետեւ կարելի չէ երկրի մը հաշուոյն զոհաբերել միւսը։ Այդ ճիշդ չէ», - նշած է Թանքեան։