Ռուսիան ուշադրութիւն կը դարձնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու հետ կապուած որոշ իրադարձութիւններուն։ Այս մասին Աստանայի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
Ան նշած է, որ ԱՊՀ գծով գործընկերները մտահոգուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացմամբ, սակայն այդ չազդեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորութեան վրայ։
«Ի հարկէ, գործընկերները հետաքրքրուած եւ անհանգստացած են ռուս-ուքրանական ուղղութեամբ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացմամբ, բայց այդ ոչ մէկ կերպ կ'ազդէ երկիրներու հետ Ռուսասիոյ յարաբերութիւններու բնոյթի, որակի, խորութեան վրայ»,-ըսած է Փութին։
Ան աւելցուցած է, որ ԱՊՀ երկիրներու շփման ձեւաչափերը պահանջուած են, եւ այդ առումով ոչինչ փոխուած է։
Փութին նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ուշադրութիւն կը դարձնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու հետ կապուած որոշ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Տաճիկստանի եւ Ղրղըզստանի միջեւ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։