image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա կրնայ իր դիրքերը կորսնցնել Կովկասի մէջ. Ռուս վերլուծաբան

Ռուսիա կրնայ  իր դիրքերը կորսնցնել Կովկասի մէջ. Ռուս վերլուծաբան

Կրնա՞յ արդեօք Ռուսիան կորսնցնել իր դիրքերը Կովկասի մէջ։ Ի հարկէ կրնայ, պատմութեան մէջ ծրագրաւորուած ոչինչ կայ։ Արդեօ՞ք ատիկա մեծ առաւելութիւն է Կովկասի համար։ Վստահ չեմ։ Այս մասին, հիւրընկալուելով NEWS.am-ի «Ուժի գործօն» հաղորդման տաղաւար, ըսած է Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի (МГИМО) միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի Եւրոատլանտեան անվտանգութեան կեդրոնի առաջատար գիտաշխատող՝ Սերգէյ Մարքետոնով։

Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ դուրս ելլելը Կովկասէն, որպէս կանոն, ուղեկցուած է շատ լայնածաւալ ապակայունացումներով։

Փորձագէտը շատ մեծ վտանգ կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղէն խաղաղապահներու դուրսբերումը, քանի որ կը սկսին վերանալ ազդեցութեան ուղիներու հնարաւորութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի վրայ։

Անոր խօսքով, ասիկա կասկածի տակ կը դնէ Ռուսիոյ շատ մը դիրքորոշումներ տարածաշրջանին մէջ։

«Կովկասն, անկասկած, կը մնայ Ռուսիոյ համար առաջնահերթութիւն, սակայն այժմ Ուքրանիան գիտակցութեան մէջ դուրս մղած է նաեւ երկրի առաջին քաղաքական գործիչները, եւ հասարակութիւնն այլ խնդիրներ ունի։ Ռուսիոյ ղեկավարութեան համար այն, ինչ կը կատարուի Ուքրանիոյ մէջ, ընկալման առումով աւելի մօտ է։ Կովկասը կարեւոր է, բայց հոգեբանօրէն այդ հեռաւոր բան մըն է։ Բայց այդ չի նշանակեր, որ Կովկասը կը վերանայ ռուսական քաղաքականութեան ռազմավարական նպատակներէն»,- նշած է Մարքետոնով։