Երուսաղէմի հայկական բոյնի մը մէջ իր աչքերը բացած մեր հայրենակից՝ Ճեմիլ Քէվրանեան օրերս նշեց իր ծննդեան 96-րդ տարեդարձը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր հայրենակիցի հարազատներէն։
Բոլորուած իր հինգ դուստրերով, անոնց ընտանիքներով ու թոռներով Ճամիլ Քէվրանեան լիարժէք առողջութեամբ նշեց այս առիթը, հոգութիւն յայտնելով բարձրեալին ու նաեւ հարազատ զաւակներուն, որոնք բոլոր առումներով նուիրուած զաւակներ են։
Ճամիլ Քէվրանեան նախքան Գանատա հաստատուիլը երկար ճանապարհ անցած է Երուսաղէմի մէջ ու վարած պատասխանատու պաշտօններ, թէ ՌԱԿ-ի եւ թէ ալ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներուն մէջ։
Արհեստով ճարտար ոսկերիչ հանդիսացող պրն. Ճամիլ յարգուած անհատ է, ոչ միայն ՌԱԿ-ի, եւ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներուն մէջ, այլ նաեւ եղած է Երուսաղէմի հայկական համայնքի սիրուած անձնաւորութիւններէն մին։
Ըլլալով նուիրեալ հայր, ան բոլորանուէր մօտեցումներով եւ հոգատար հօր մը ոգիով հասցուցած է իր հինգ դուստրերը եւ անշուշտ հայեցի ոգի եւ դաստիարակութիւն տուած անոնց։
Երկար տարիներ Երուսաղէմի մէջ ապրելէ ետք ան կը փոխադրուի Գանատա՝ Վանքուվըր, ուր նոյնպէս, կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձած է մասնակից ըլլալ գաղութային կեանքին ու գործունէութեան
Ամենաուրախալին պրն. Քէվրանեանին համար տարիներ առաջ հայրենիք այցելութիւնն էր, ուր ան մեծ եռանդով մը կը մասնակցէր ՌԱԿ-ի պատգամաւորական ժողովին։
Հայրենիք ՝Հայաստանի եւ հերոսական Արցախի լուրերով ու մտահոգութիւններով ապրող մեր հայրենակիցը, իր ներկայութեամբ եւ պարթեւ հասակով դրական ոգի եւ վարակիչ նուիրում կը ցանէ իր զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռներուն հոգիներուն մէջ խրատելով եւ ըսելով, որ բոլոր պարագաներուն հայրենիք Հայաստանը ամէն բանէ վեր է ու յաւերժական արժէք է։
Քաջառողջութիւն եւ երկար ամեակներ կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։