image

Քննարկումները բարդ են Փութինի հետ. Մաքրոն

Քննարկումները բարդ են Փութինի հետ. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կասկած յայտնած է Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առնչութեամբ:

Մաքրոնի խօսքով` մօտ ապագային քաղաքական լուծում չի գտնուիր, իսկ բանակցութիւնները չեն օգներ դուրս գալ ճգնաժամէն:

«Քննարկումները նախագահ Փութինի հետ բարդ են, քանի որ այսօր ան կը հրաժարի դադրեցնելէ կրակը: Ռուսաստանը այսօր կը գտնուին հետեւեալ դիրքին վրայ` Ուքրանիայէն շատ կոշտ պայմաններ պահանջել», ըսած է ան:

Մաքրոն նաեւ յաւելած է, որ բանակցութիւնները կ'ընթանան «յարձակման շատ անարդար պայմաններու մէջ, այն պայմաններուն մէջ, երբ Ֆրանսան չի միջամտեր»:

Ան նշած է, որ Ֆրանսան, Գերմանիան, Եւրոպան «ամէն ինչ ըրին պատերազմէն խուսափելու համար» եւ ընդգծած է, որ Եւրոպան կը նախատեսէ նոր պատժամիջոցներ կիրառել Ռուսաստանի Դաշնութեան դէմ, ինչին Մոսկուան պիտի պատասխանէ հակապատժամիջոցներով: