Լիբանանի հիւսիսային շրջանի յայտնի գաւառակներէն՝ Պըշարի աւանին մէջ լարուած իրավիճակ կը տիրէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան աղբիւրներէ։ Կը նշուի, որ լարուածութեան պատճառը Պըշարէցի երկու երիտասարդութեան սպաննութիւն է, որ տեղի ունեցած է խորհրդաւոր պայմաններու տակ։
Երիտասարդները քրիստոնեայ են եւ անոնք կը կոչուին Հայսամ Ժամիլ Թոք եւ Ժամիլ Թոք։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այդ շրջանին մէջ (Պըշարի- Քըրնաթ Սաուտա շրջան) առկայ է հողային վէճ եւ դէպքերը մեկնաբանող մէկէ աւելի լրագրողներ մտահոգութիւն յայտնած են, որ նման սպանութիւն մը կրնայ դուռ բանալ իսլամ-քրիստոոնեայ բախումներու, տրուած ըլլալով, որ վիճահարոյց խնդրի մէկ կողմը քրիստոնեաներ են, իսկ միւս կողմը սիւննի իսլամներ։