Աշխատանքային այցով Ֆրանսիա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Վիլեր Քոթրէ քաղաքին մէջ` ֆրանսերէն լեզուի նոր միջազգային աւանին մէջ, մասնակցած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ գագաթնաժողովի բացման արարողութեան:
Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովն այս տարի կը կայանայ Ֆրանսայի մէջ՝ առաջին անգամ վերջին 33 տարիներու ընթացքին: Գագաթնաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 100 բարձրաստիճան հիւրեր: Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն:
Բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորած եւ ողջունած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, տիկին Պրիճիթ Մաքրոնը եւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապոն:
Յաջորդիւ տեղի ունեցած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու առաջնորդներու համատեղ լուսանկարահանման արարողութիւնը, իսկ գագաթնաժողովի բացման ելոյթ ունեցած են Էմանուէլ Մաքրոնը, Թունիսի նախագահ Քաիս Սաիտը, Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապոն: Միջոցառման շրջածիրէն ներս Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան նախագահութիւնը Թունիսէն փոխանցուած է Ֆրանսային:
Գագաթնաժողովի առաջին օրը տեղի ունեցած են «Ֆրանքոֆոն քաղաքացիներու մարտահրաւէրները թուային դարաշրջանին մէջ» եւ «Արհեստական բանականութեան կիրառումը կրթութեան մէջ» խորագրերով քննարկումներ: