Այսօր առաւօտուն պայթում մը գրանցուած է Աշտարակ քաղաքին մէջ։
Պայթումը գրանցուած է քաղաքի դրամատուներէն մէկուն մէջ, որուն հետեւանքով ալ կայ մէկ զոհուած։
Կան նաեւ վիրաւորներ եւ այդ մասին տեղեկութիւնը հաստատած է Հայաստանի ԱԻՆ մարմիններ, նշելով նաեւ, որ վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց։
Դէպքի վայր հասած են ԱԻՆ մարմիններ, որոնք քննութիւն բացած են պատահարին վերաբերեալ։