image

Պայթում Աֆրինի մէջ. Կան զոհեր (Տեսանիւթ)

Պայթում Աֆրինի մէջ. Կան զոհեր (Տեսանիւթ)

Դեռ երէկ այդ մասին կը խօսէի։ Այն, որ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածները «քուն եւ դադար» պիտի չունենան, փաստ է։ 

Միշտ անհանգիստ, խառնակ, արիւնալի շրջաններ, իսկ Թուրքիոյ իբրեւ թէ հովանին վայելող հրոսակներ միշտ պատրաստ զիրար հարուածնելու (ուրիշ բառ չգործածելու համար)։

Աֆրինը այս առաւօտ, որպէս իրական եւ «ապրող» օրինակ ըսածներուս։ 

Ցարդ գրանցուած են 4 զոհեր ու կան տասնեակ վիրաւորներ։ 

Ի դէպ դարձեալ հիւսիսային հատուածներուն մասին կան տարաբնոյթ եւ հակասական տուեալներ։ Մինչ կարգ մը աղբիւրներ կը խօսին, որ Լիպիայէն դէպի Սուրիա վերադարձած են տասնեակ զինեալներ, անդին «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքը (լաւ բարեկամս Ռամի Ապտըլ Ռահման) կը յայտարարէ, որ զինեալներու դէպի Լիպիա ուղարկելու հաւաքագրումը կը շարուանկուի։ Հիմա այս նիւթի արանքին «հանելուկ» կը շարունակէ մնալ այն հարցը, որ արդեօք Անգարա վճարեց այդ վարձկաններուն (որոնք Ատրպէյճան հասան ճիշդ տարի մը առաջ) նախատեսուած «հալալ» գումարները։ 

Այս առումով մեծ լռութիւն կայ. Տեսնենք։

 

Գրառումը՝ Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն: