image

«Պատրաստ չենք պոյքոթելու». Եւրոպացի պաշտօնատարը՝ Փութինի Մեծն Քսանեակին մասնակցութեան մասին

«Պատրաստ չենք պոյքոթելու». Եւրոպացի  պաշտօնատարը՝  Փութինի  Մեծն Քսանեակին մասնակցութեան մասին

Հարկաւոր է, որ մենք շատ ուշադիր մտածենք այն մասին, որպէսզի կաթուածահար չընենք ամբողջ G20-ը:

 

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տեր Լեյեն յայտնած Է, որ դէմ հանդէս կու գայ G20-ի գագաթաժողովը պոյքոթելու գաղափարին այն պատճառով, որ անոր պիտի մասնակցի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

«Հարկաւոր է, որ մենք շատ ուշադիր մտածենք այն մասին, որպէսզի կաթուածահար չընենք ամբողջ G20-ը: Ես չեմ պաշտպաներ այդ (G20-ի գագաթաժողովի պոյքոթը)», ըսած է Վոն տեր Լեյենը:

«Իմ կարծիքով, G20-ը չափազանց կարեւոր Է, նոյնիսկ զարգացող երկիրներու, զարգացող շուկաներու համար», նշած Է ան:

Ան այն կարծիքին Է, որ աշխարհի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը կ'արժէ քննարկել իրար հետ: Ինչպէս կը սպասուի, «Մեծ քսանեակ»ի պետութիւնների ղեկավարներու գագաթաժողովը 15-16 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պալիի մէջ:

Անոր հրաւիրուած են G20-ի բոլոր երկիրներու ղեկավարները, այդ շարքին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Նաեւ գագաթաժողովին հրաւիրուած Է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին: