Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեանն առ այն, որ «Քիշնեւում առնուազն սահմանազատման հարցում եւ 1975 թուականի քարտէզի մասով որոշակի առաջընթաց ունենք»: Ան այս մասին ըսած էր Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ՝ անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմայով բանակցութիւններուն Մոլտովայի մէջ։
Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ՝ «անընդունելի են» Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի՝ 4 յունիսին Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ շարք մը ուղղութիւններով հարցերու էութիւնը հերթական անգամ «խեղաթիւրելու», թէ՛ միջազգային հանրութեան, թէ՛ հայ հասարակութեան շրջանին «թիւրըմբռնում» առաջացնելու փորձերը՝ «խուսափելով» Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններէն:
«Նախ, այն պահանջի հետ կապուած, թէ ինչի հիման վրայ պէտք է իրականացուի սահմանազատման գործընթացը, նշենք, որ, ինչպէս Փրակայի հանդիպման, այնպէս ալ Սոչիի հանդիպման ժամանակ եղած յայտարարութիւններու համաձայն, սահմանազատումը պէտք է իրականացուի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ։ Որպէս կանոն, այդ յայտարարութիւններուն մէջ յղումներ կ'ըլլան ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմաթիի հռչակագրին՝ նշուած սկզբունքներու ծիրէն ներս։ Հայկական կողմը քաջատեղեակ է, որ այս եւ միւս հանդիպումներուն որեւէ քարտէզի հիման վրայ սահմանազատման շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չի բերվել։ Միջազգային պրակտիկայի համաձայն, ի տարբերություն Հայաստանի, սահմանազատման գործընթացը, որ մինչ այժմ Ատրպէյճանը իրականացուցած է իր որոշ հարեւաններու հետ, իրականացուած է ոչ թէ յատուկ ընտրուած քարտէզի, այլ իրաւական նշանակութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերու վերլուծութեան եւ դիտարկման հիման վրայ։
Թերեւս այս փորձը կը կիրառուի նաեւ Հայաստանի նկատմամբ։ Այս պարագային հայկական կողմին աւելի ձեռնտու կ'ըլլար սահմանազատման աշխատանքներ սկսիլը, քան պնդել 1975 թուականի քարտէզի յղումը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: