Օսմանեան կայսրութեան ազդեցիկ հայ մեծամեծը՝ Յակոբ Փաշան
Թրքական լրատուամիջոցներ անդրադարձած են այն մասին, որ Օսմանեան կայսրութեան երեսունչորրորդ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Երկրորդի կարողութիւնը տնօրինած հայազգի Յակոբ Գազազեան փաշային
Անդրադարձին համաձայն՝ հայազգի Յակոբ Գազազեանի մշակած բարենորոգման ծրագրով օսմանեան փատիշահի անձնական գանձարանը, որ սնանկացման եզրին հասած էր եւ կուտակած էր 370 հազար լիրա պարտք, արմատապէս բարեփոխուած է՝ վերածուելով նախարարութեան։ Յակոբ Գազազեանի շնորհիւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ՝ շուրջ 1 տարուայ ընթացքին, սուլթանի եկամուտները աճած են 30 անգամ։
Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Յակոբ Գազազեանին, որ իր կողքին եղած էր գահ բարձրանալէն ի վեր, շնորհած է փաշայի տիտղոս։
«Իր ողջ կեանքի ընթացքին Յակոբ փաշային շքանշաններու եւ ընծաներու մէջ ողողած սուլթանը, գահընկէց ըլլալէ ետք իսկ զինք երախտագիտութեամբ յիշած է»,-գրած է լրատուամիջոցը։
Յակոբ փաշայի մահէն ետք, սուլթան Ապտիւլ Համիտ իր անձնական կարողութեան կառավարումը վստահած է հայ կաթոլիկ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Միքայէլ Փորթաքալ փաշային։