Բացայայտ ապացոյց է Նիւ Եորքի մասնակի վերազարթնումը` երբ ստուարաթիւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ կը տողանցեն բազմամարդ այդ քաղաքին մայթերուն վրայ, կը խճողեն անոր շքեղ վաճառատուները, կը յաճախեն անհամար ճաշարանները եւ ներկայ կ՛ըլլան Broadway-ի աշխարհահռչակ բեմադրութիւններուն:
Քորոնա համաճարակին հասցուցած տնտեսական հարուածը տակաւին իր անդրադարձը կը պահէ ոչ միայն Նիւ Եորքի, այլ բովանդակ Միացեալ Նահանգներու ընկերային¬տնտեսական ոլորտներէն ներս:
Նորագոյն տուեալներու լոյսին տակ կը պարզուի, որ վերջին երկուուկէս տարիներուն, աւելի քան 365 հազար նիւ եորքցիներ հրաժեշտ տուած են այս քաղաքին, մինչ կրկին թիւով նիւ եորքցիներ` լքելով քաղաքը` առժամաբար բնակութիւն հաստատած են անոր արուարձաններուն կամ մերձակայ նահանգներու մէջ:
Հաւաստի աղբիւրներ կը վկայեն թէ Ամերիկայի աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն միայն 93 առ հարիւրը վերադարձած են իրենց աշխատավայրերը: Նիւ Եորք քաղաքի պարագային, այս թիւը աւելի վատթար է եւ յուսահատեցուցիչ, միայն 35 առ հարիւրը գործի վերադարձած է:
Այսուհանդերձ Նիւ Եորքը վերագտած ըլլալ կը թուի իր հեւքն ու կշռոյթը: Համաճարակի վաղորդայնին, աւելի քան 60 միլիոն զբօսաշրջիկներ ժամանած էին Նիւ Եորք` միլիառաւոր տոլար ծախսելով: Եթէ օտարերկրեայ այցելուներ` ներկայ թափը շարունակուի, կը նախատեսուի աւելի քան 80 միլիոն թուրիսթներու այցելութիւնը` ապահովելով բազմամիլիոն տոլարի եկամուտ` քաղաքի գանձարկղին:
Սակայն, ինչպէս կþըսեն, մէկ ծաղիկով գարուն չի գար: Հարազատ նիւ եորքցին տակաւին կը տատամսի վերադառնալ` յարաբերաբար արդարանալի պատճառաբանութեամբ: Նորընտիր քաղաքապետ Երիք Ատամզ ընտրապայքարի իր արշաւին ընթացքին շարունակաբար հաւաստիացուց նիւ եորքցիներուն, որ իր առաջնահերթ նպաստը պիտի ըլլար բարելաւել քաղաքին եւ անոր բնակիչներուն ապահովութիւնը: Դժբախտաբար սակայն, մեծ թիւով նիւ եորքցիներ քաղաք գործի չգալու իրենց որոշումը կը վերագրեն այնտեղ տիրող անապահով միջավայրին: Յիրաւի, բռնարարքներու եւ ոճիրներու թիւը աստիճանաբար աճած է Նիւ Եորքի մէջ, քաղաքապետ Ատամզի իշխանութեան գալէն ի վեր: Յատկապէս, հանրային փոխադրական միջոցները` գետնուղի եւ հանրակարքերը` կը մնան գլխաւոր թիրախը անօրէններու: Նոյնիսկ պատահական անցորդներ խոշտանգումի կ՛ենթարկուին: Հակառակ տգեղ արարքներու ամէնօրեայ բեմադրութեանց, երբեմն ալ հաճելի պատահարներ կ՛արձանագրուին նիւ եորքի առօրեայ կեանքին մէջ: Այսպէս, Ուրբաթ, Յունիս 17, յետմիջօրէին 42-ամեայ մարդ մը, յայտնապէս մտային անհաւասարակըշռութենէ տառապող, յանկարծ կ՛որոշէ բազմազբաղ Whashington square park գետնուղիի կայանին երկաթի գիծերուն այցելութիւն մը տալ, երբ գետնուղիները կայան հասած չէին տակաւին երանելի այս անձը` յայտնապէս արհամարհելով իրեն սպառնացող վտանգը, ճամբորդներուն ուշադրութիւնը գրաւելու մարմաջէն մղուած` կը սկսի երգել եւ պարել: Սարսափահար ճամբորդները կը ջանան տարհամոզել այս անձը վերջ տալու իր խելագար արարքին եւ վեր բարձրանալ երկաթուղագիծի հանգոյցներէն: Ոչ մէկ օգուտ: Գթասիրտ անձեր կը սկսին դրամ նետել իր ուղղութեամբ, քաջալերելու զինք վտանգաւոր գօտիէն դուրս գալու: Սակայն ան կը շարունակէ իր երգն ու պարը: Վերջապէս ոստիկանութիւնը վրայ կը հասնի եւ խելագար այս ողբալի արարածը կ՛առաջնորդէ դէպի մօտակայ ոստիկանատունը: Մինչ այդ գետնուղիի կայանին մէջ քաոսային վիճակ ստեղծուած էր, գետնուղիները ժամերով յապաղած էին, վատ տրամադրութիւն ստեղծելով հարիւրաւոր ճամբորդներու մօտ, որոնք Ուրբաթ օր կ՛աճապարէին միանալ իրենց ընտանիքներուն:
Նիւ Եորքի ընկերային կառոյցի կարգ մը խաւերուն կոյր հակակրութիւնը ոստիկանութեան եւ դատաւորներուն ազատամիտ եւ բարեացակամ պատիժներու օրէնքը խախտողներու նկատմամբ, պատճառ հանդիսացած են ոստիկանական շարքերուն նօսրացման: Առաւել ըլլալով: Կարգ մը ոստիկաններ կ՛առարկեն դատարաններու մարդկայնական վերաբերմունքին, շեշտելով թէ ի՞նչ իմաստ ունի ձերբակալել անօրէն մը, երբ յաջորդ օրն իսկ, դատարանը այդ անձը ազատ պիտի արձակէ, դրամական փոքր տոկոսի մը վճարելով իբրեւ հետեւանք:
Ներկայիս, Նիւ Եորքի ոստիկանական ոյժը բաղկացած է 34.687 անդամներէ, մինչ այդ թիւը 2019¬ին 36.900 էր: Հակառակ այն իրողութեան, որ Նիւ Եորքի ոստիկանները Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ոստիկաններուն ամէնէն բարձր սակը կը վճարուին, հրաժարող կամ կանխահաս հանգստեան կոչւողներուն թիւը կը շարունակէ բարձրանալ: Այս տարեսկիզբէն մինչեւ Մայիս ամսուան վերջաւորութեան 1.500 ոստիկաններ հեռացած են իրենց շարքերէն: Ոստիկանութեան վերնախաւն ու զգեստաւորուած ոստիկանները չեն բաժներ քաղաքապետին ազատամիտ փիլիսոփայութիւնը` Նիւ Եորք քաղաքը կառավարելու: Պարզ օրինակ մը արդարեւ, քանի մը ամիսներ առաջ Քաղաքապետական խորհուրդը օրէնք մը որդեգրեց քուէարկելու լիազօրութիւն շնորհելով Նիւ Եորքի մէջ բնակող 800 անձերու, որոնք օրինական բնակցութեան կամ աշխատանքի արտօնութիւն չունին:
Նիւ Եորքի մէջ ապահովութեան պակասին առընթեր, կեանքի սղութեան աճը մեծապէս կը ճնշէ քաղաքացիներուն վրայ: Բնականաբար կեանքի սղութիւնը հրահրող գլխաւոր ազդակը ուժանիւթի արժէքին յարաճուն մագլցումը հանդիսանայ:
Միացեալ Նահագներու նախագահ Ճօ Պայտընի բոլոր ճիգերը կանխելու համար ամերիկեան տնտեսութեան թուլացումը` քաջալերական արդիւնքի հասած չեն ցարդ: Մէկ կալոն քարիւղը այսօր կը վաճառուի 5-էն տասը տոլարի միջեւ: Միջին եկամուտ ունեցող ամերիկացի ընտանիքի մը համար անմարսելի պիւտճէական բեռ մըն է այս: Քարիւղին սղութիւնը իր անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սննդանիւթի եւ զանազան ապրանքներու վրայ: Քաղաքական դէտեր կը պնդեն, թէ այն պարագային երբ ամերիկեան տնտեսութիւնը իր առոյգ վիճակը չվերագտնէ, շուտով ոչ միայն նախագահ Պայտըն պիտի վերադառնայ Սպիտակ Տուն երկրորդ պաշտօնավարութեան համար, այլ մանաւանդ դեմոկրատ կուսակցութիւնը պիտի կորսնցնէ իր մեծամասնութիւնը Ներկայացուցիչներու Տունէն ներս եւ Ծերակոյտի մէջ դեմոկրատներու բխրուն ՙմեծամասնութիւնը՚ որոշապէս վտանգուած պիտի ըլլայ:
Չհաստատուած լուրերուն համարձայն, Նիւ Եորքի քաղաքին մէջ կը բնակին բազմահարիւր միլիառատէրեր եւ բազմահազար միլիոնատէրեր:
Henley Global Citizens Report¬ի տեղեկութեանց համաձայն ընթացիկ տարուան ընթացքին 88 հազար միլիոնատէրեր իրենց երկիրները լքելով տարբեր երկիրներ պիտի արտագաղթեն: Հետաքրքրականօրէն այս թիւը միայն 25 հազար կը հասնէր անցեալ տարի:
Ստորեւ ցանկը այն երկիրներու ուրկէ միլիոնատէրներ կ՛արտագաղթեն.
Ռուսական դաշնութիւն 15 հազար
Չինաստան 10 հազար
Հնդկաստան 8 հազար
Հոնկ Քոնկ 3 հազար
Ուքրանիա 2.8 հազար
Պրազիլիա 2.5 հազար
Մեծն Բրիտանիա 1.5 հազար
Ցանկը այն երկիրներու, ուր միլոնատէրները կը հաստատուին.
Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ 4 հազար
Աւստրալիա 3.5 հազար
Սինկափուր 2.8 հազար
Իսրայէլ 2.5 հազար
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1.5 հազար
Փորթուկալ 1.3 հազար
Յունաստան 1.2 հազար
Գանատա 1.0 հազար
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Յունիս 20, 2121
Նիւ Եորք
Նիւթը ՝ «Պայքար»էն