image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոսիոյ մէջ. Հոգեհանգիստ Հնչակեան կախաղաններու յիշատակին

  Նիկոսիոյ մէջ. Հոգեհանգիստ Հնչակեան    կախաղաններու յիշատակին

Կիպրոսի  Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի էջէն կը  կարդանք՝ 

Այսօր Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, Հնչակեան քսան կախաղաններուն, որոնք 15 Յունիս 1915-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ բարձրացան կախաղան, յանուն Հայաստանի ու հայութեան:

Շուրջ դար մը առաջ Թուրքիոյ հրապարակներուն վրայ քաջօրէն կախաղան կը բարձրանային հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին նուիրուած հնչակեան գործիչներ: Պատարգեց ու քարոզեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանը, վեր առնելով քաջարի հերոսներուն նուիրուածութիւնն ու նահատակութիւնը: Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց՝ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը: Ներկայ էին Կիպրոսի Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնէն պատասխանատուներ եւ անդամներ, որոնք պատարագէն ետք Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեցին: