image

Նաժիպ Միքաթի Լիբանանի վարչապե՞տ

Նաժիպ Միքաթի Լիբանանի  վարչապե՞տ

 

 Այսօր կարեւոր օր պիտի ըլլայ Լիբանանի համար։ 

 Խօսքը նոր նշանակուելիք վարչապետի անուան ընտրութեան մասին է, որ պիտի վճռուի նախագահական պալատին մէջ  ընթացք առնելիք սահմանադրական- պարտադիր խորհրդակցութեանց աւարտին։

 

 Նշենք, որ ըստ Լիբանանի սահմանադրութեան երկրի նախագահը անձամբ կ՚ընդունի խորհրդարանի բոլոր պլոքները, եւ անոնց բոլորին կարծիքը հաշուի առնելէ ետք պիտի նշանակէ նոր վարչապետ։ 

 Լիբանանի լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ մինչեւ այս պահը երկրի նախկին վարչապետ դարձած  Թրիփոլի քաղաքի ծնունդ Նաժիպ Միքաթի պիտի դառնայ վարչապետ ստանալով առնուազն 65 քուէներ։ 

 

 Մինչ կարգ մը վերլուծողներ, որոշ թերահաւատութիւն արտայայտած են, որ Միքաթի պիտի կարողանայ արագօրէն նոր կառավարութիւն մը կազմել իր նշանակումէն անմիջապէս ետք, անդին այլ աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ Միքաթի եթէ վստահեցնող տուեալներ չունենար, ապա չէր ընդունէր վարչապետի պաշտօնը։

 «Արեւելք» ժամը ժամին պիտի հետեւի զարգացումներուն, մեր ընթերցողներու լայն հատուածին իմաց տալու վերջին տուեալները, ու  գիտնալու, թէ ով պիտի ստանձնէ արդէն ինը ամիսներէ ի վեր թափուր մնացած Լիբանանի համար որոշիչ ու կարեւոր վարչապետի աթոռը։