image

Ֆրանսան միշտ Լիբանանի կողքին է. Փարիզի մէջ կայացաւ Միքաթի-Մաքրոն հանդիպումը

  Ֆրանսան միշտ Լիբանանի կողքին է. Փարիզի մէջ կայացաւ Միքաթի-Մաքրոն հանդիպումը

 Ֆրանսայի նախագահ՝ Մաքրոն վստահեցուցած է, որ Ֆրանսա   ինչպէս երէկ այսօր ալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու կողքին է։ 

 

Ֆրանսայի մայրաքաղաք՝ Փարիզ ժամանելով Լիբանանի վարչապետը Էլիզէյի պալատին մէջ ընդունուած է  նախագահ Մաքրոնին կողմէ։

 

«Արեւելք»  այս մասին իմացաւ «էլ Նաշրա» կայքէն։

 Կողմերը միասին քննարկած են  վերջին զարգացումները ու նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութիւնը։ 

 Երկու առաջնորդները միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով  նշած են, որ Միքաթիի կառավարութիւնը մեծ յանձնառութեան առջեւ է։

 

 Վարչապետ Միքաթի  իր խօսքին մէջ նշած է, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը ամբողջական պատրաստակամութիւնը ունի գործակցելու նախագահին ու խորհրդարանին հետ, կարեւոր բարեկարգումներ կատարելու ու նաեւ  խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացնելու։

 

 Իր կարգին Ֆրանսայի նախագահ՝ Մաքրոն վստահեցուցած է, որ Ֆրանսա   ինչպէս երէկ այսօր ալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու կողքին է։ 

  Մաքրոն նաեւ ըսած է, որ Լիբանանն արժանի է  շատ  աւելի լաւ վիճակի մը մէջ ըլլալուն կարեւորելով , որ Միքաթիի կառավարութիւնը արագօրէն անցնի գործի ու բարեփոխումներ կատարէ երկրի բազում ոլորտներուն մէջ ու նաեւ աշխատի արագօրէն բացայայտել անցեալ տարի Լիբանանը ցնցած պայթումին ետին կանգնողները։