image

Նաժիպ Միքաթի Լիբանանի վարչապետ նշանակուեցաւ

 Նաժիպ Միքաթի   Լիբանանի  վարչապետ նշանակուեցաւ

  Ինը ամսուան սպասումէ ետք Նաժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ Լիբանանի վարչապետ։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւնը ստացաւ լիբանանեան աղբիւրներէ։

Նշենք, որ Միքաթի ստացաւ 72  քուէ, եւ այսպիսով ան  կոչուած է կազմել նոր կառավարութիւն մը։

 

 Յիշեցնենք, որ Միքաթիի նշանակումը տեղի ունեցաւ  Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք, որ յայտարարուած էր անցեալ շաբաթ։

Սիւննի համայնքի երեւելի անդամներէն համարուող Նաժիպ Միքաթիի անունը նորութիւն մը չէ լիբանանցիներուն համար եւ ան վարչապետի պաշտօն կատարած է տարբեր փուլերու։

Թրիփոլի քաղաքին մէջ ծնած Միքաթի    (65  տարեկան) կը համարուի չափաւորական գործիչ մը եւ մեծ վարկանիշ կը վայելէ Լիբանանի սիւնիական շրջանականերուն մօտ, ինչպէս նաեւ կարեւոր մակարդակի կապեր ունի Լիբանանի համար որոշիչ դեր ունեցող արաբական աշխարհի  տէրութեանց հետ։ 

 

Միքաթի նաեւ  բնականոն յարաբերութիւններ ունի երկրի քաղաքական բոլոր կողմերուն, որոնց շարքին Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիին եւ «Հըզպալլա»ի ղեկավարութեան հետ։

 

 Նշենք նաեւ, որ  42   երեսփոխաններ      յարմար  նկատեցին  չքուէարկել ոչ մէկ թեկնածուի  օգտին, եւ անոնց  մէջ  էին    ՀՅԴ-ի  գլխաւորած «Հայկական երեսփոխանական  պլոք»ի    անդամ  3  պատգամաւորները։