Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ներման պաշտօնական խնդրագիր յղած է նախագահ Իսհաք Հերցոքին՝ յայտարարած է նախագահի աշխատակազմը։
Առանձին տեսաուղերձին մէջ Նաթանիահուն նշած է, որ իր գործը պառակտած է երկիրը, եւ որ ներումը պիտի օգնէ վերականգնել ազգային միասնութիւնը։ Ան նաեւ ըսած է, որ շաբաթը երեք անգամ դատարան ներկայանալու պահանջը կը շեղէ զինք պետութեան կառավարումէն։
Նոյեմբերի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը նամակ ուղարկած էր Հերցոկին՝ կոչ ընելով անոր «լիովին ներում շնորհելու» Նաթանիահուին։
Իսրայէլի մէջ նախագահը հիմնական կը կատարէ խորհրդանշական գործառոյթներ, սակայն սահմանադրական օրէնքներէն մէկը անոր լիազօրութիւն կու տայ «ներում շնորհելու յանցագործներուն եւ մեղմացնելու կամ փոխելու անոնց պատիժները»։
Իսրայէլի Գերագոյն դատարանի որոշմամբ՝ նախագահն իրաւունք ունի նաեւ ներում շնորհելու չդատապարտուած անձանց, եթէ այդ կը պահանջէ հանրային շահը կամ «անձնական արտակարգ հանգամանքները»։