image
Հրատապ լուրեր:

Մեր հայրենակից Արիս Պապիկեան վերընտրուեցաւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ

 Մեր հայրենակից Արիս Պապիկեան վերընտրուեցաւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ

Գանատայէն վերահասու դարձանք, որ  տեղի հայկական կեանքին մէջ մշտական ներկայութիւն հանդիսացող մեր հայրենակից Արիս Պապիկեան վերընտրուած է Օնթարիոյ նահանգի խորհրդրարանի անդամ։

 Լուրը այս մասին աւելի մանրամասն գրած է «Հորիզոն»ը, նշելով նաեւ, որ Պապիկեան ընտրուած է Գանատայի պահպանողական կուսակցութեան ցուցակով եւ ան կը ներկայացնէ Թորոնթոյի «Սքարպորո» շրջանը։

Պապիկեանի այս ընտրութիւնը երկրորդ է եւ ան առաջին անգամ խորհրդարանի անդամ դարձած էր թուականին։

 

 

 Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայրենակիցին, հաւատալով, որ ան պիտի շարունակէ իր ազգանուէր առաքելութիւնը։