image

Լուռ չմնալ Ատրպէյճանի քայլերուն դէմ. Բողոքի հաւաք մարզահամերգայինին մօտ

Լուռ չմնալ  Ատրպէյճանի  քայլերուն դէմ. Բողոքի հաւաք մարզահամերգայինին մօտ

Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մօտ բողոքի շարժում կ'ընթանայ, որուն մասնակիցները իրենց բողոքն ու վրդովմունքը կ'արտայայտեն եւրոպական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն` Ատրպէյճանի հայատեաց քայլերուն չարձագանգելու համար:

Շարժումին մասնակիցները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան, պատերազմին հետեւանքով գերեվարուած հայ գերիներու, Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ իրականցուող մշակութային ցեղասպանութեան վրայ:

Յիշեցնենք, որ այժմ Երեւանում կ'ընթանան Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու նիստերը: Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի իրաւական, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հարցերու յանձնաժողովի նիստը կը գլխաւորէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանը:

Ատրպէյճանցի պատգամաւորները ժամանած են Երեւան` մասնակցելու «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի գրասենեակի եւ յանձնաժողովներու նիստերուն մասնակցելու: