image
Հրատապ լուրեր:

Կիպրոսի մէջ պարտադիր դիմակ ՝ նոյնիսկ փոքրիկներուն

Կիպրոսի մէջ պարտադիր դիմակ ՝ նոյնիսկ փոքրիկներուն

Նոյեմբեր 29-էն Կիպրոսի մէջ պաշտպանիչ դիմակներու կրումը պարտադիր պիտի դառնայ 6 տարեկան եւ բարձր երեխաներու համար: Այս պիտի ըլլայ այն միջոցառումներէն մէկը, որ կոչուած է կանխելու «Քորոնա»ի աշխուժ տարածումը եւ համավարակային ցուցանիշներու սրումը։

«Նոյեմբեր 29-էն դիմակ օգտագործելու տարիքային շեմը պիտի իջեցուի մինչեւ 6 տարեկան բոլոր ոլորտներուն մէջ, ուր պարտադիր է պաշտպանիչ դիմակի օգտագործումը», կառավարութեան նիստի աւարտին ըսած է առողջապահութեան նախարարը։

Մինչեւ այս պահը դիմակ կրելը պարտադիր պայման է, որ կը վերաբերի 12 եւ բարձր տարիքի բոլոր մարդոց։ Որոշուած է նաեւ, որ Նոյեմբեր 29-էն տարրական դասարաններու բոլոր աշակերտները մինչեւ այս տարուայ վերջ կատարեն ամէնշաբաթեայ արագ քննութիւն՝ «Քորոնա»ի հակամարմիններու յայտնաբերման համար։