Հասարակութեան չիրականացած ակնկալիքներուն քաջածանօթ կառավարութիւնը պարտաւոր է մօտէն հետեւելու այս հարցերուն եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ լուծումներ գտնելու, օգտուելով նաեւ այլ երկիրներու դատավարական օրէնքներէն: Այլապէս, որեւէ իշխանութիւն ժողովուրդի չիրականացած ակնկալիքներուն դէմ ապահովագրուած չէ, նոյնիսկ յեղափոխական իշխանութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է որ, 2018-ի յեղափոխութիւնը իրականացուցած ժողովուրդին ամենամեծ ակնկալիքները` արդարութիւնն ու փտածութեան վերացումը, լիարժէք իրականացուած չեն:
Այդ չիրականացած ակնկալիքներու շարքին կարելի է դասել ապօրէն ձեռք ձգուած, աւելի ճիշդը թալանուածը ետ բերելու գծով անբաւարարութիւնը: Այս օրերուն կ’ընթանայ դատավարութիւն Ռոպերթ Քոչարեանի ու իր ընտանիքի անդամներէն 60 միլիոն տոլար բռնագանձելու պահանջով: Առաջին հայեացքով այդ գումարը բաւական մեծ կը թուի« սակայն երբ նկատի ունենանք որ, տարբեր առիթներով ռուսական լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, քոչարեաներու հարստութիւնը կը հասնի միլիառներու` տարածուած ամբողջ աշխարհով, պահանջուած գումարը չնչին մէկ մասն է անոնց ունեցուածքին:
Հայաստանի քննչական մարմինները եւ դատախազութիւնը իրենց սահմանափակ միջոցներով հազիւ թէ կարողանան տեսնել քոչարեաններու եւ նախկին իշխանաւորներու մակերեսի վրայ երեւացող հարստութիւնը: Իսկ արտասահման փոխանցուած գումարներուն դժուար թէ կարելի ըլլայ հասնիլ` նման տնտեսական գործարքներու բարդութեան եւ գաղտնիութեան պատճառաւ:
Դատախազը պէտք ունեցած է 45 վայրկեան կամ րոպէ 20 տարեկանին տոլարային միլոնատէր դարձած Սեդրակ Քոչարեանի գոյքերը թուելու համար: Տասնեակ կալուածներ Երեւանի կեդրոնը` ներառեալ ամենէն արժէքաւոր Հիւսիսային Պողոտային վրայ, բաժնետոմսեր քանի մը դրամատուներու մէջ, շահաբաժիններ բազմաթիւ ընկերութիւններու մէջ` մինչեւ Ափրիկէի մէջ գտնուող հեռաւոր Թանզանիոյ ընկերութիւններէն մէկուն մէջ ան ունի իր մասնաբաժինը:
Զինք մօտէն ճանչցողները կը յիշեցնեն որ, երբ Ռոպերթ Քոչարեան Արցախէն Հայաստան գալով ստանձնեց նախ վարչապետի եւ ապա նախագահի պաշտօնը չունէր որեւէ ունեցուածք: Տասը տարի ղեկավարելով երկիրը ու հիմքը դնելով օլիկարխիկ համակարգի մը« ան կարողացաւ իր ու իր շրջապատին համար ապահովել հսկայական հարստութիւն ու այդ բոլորէն օգտուողները դարձան իր յենարանը` զսպելու համար ժողովուրդի ընդվզումը եւ պահելու իշխանութիւնը:
Փաշինեան Խորհրդարանէն ներս իր ունեցած նոյն ելոյթի ընթացքին ըսած է թէ, քննչական մարմիններն ու դատախազութիւնը հանրութեան հաշուետու ըլլալով պէտք է յենուին ոչ թէ այն վիճակագրութեան վրայ, թէ քանի գործ յարուցուած կամ ուղարկուած է դատարան, այլ` քանի գործով դատավճիռ կայացուած է:
Այս պարագային եւս պատասխանը չի բաւարարեր հանրութեան: Ըստ պաշտօնական տուեալներու Հակափտածութեան Դատարանին մէջ այժմ կը քննուի գոյքի բռնագանձման աւելի քան 90 գործ: Մեղադրեալներու շարքին են երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը, նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը, նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը եւ ուրիշներ: Յօգուտ Հայաստանի պետութեան կը պահանջուի բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող շուրջ 1000 անշարժ եւ 200 շարժական գոյք: Ընդհանուր գումարը 1 միլիառ 245 միլիոն տոլար կը կազմէ: Բաղդատութեան համար յիշենք որ, այդ գումարը հաւասար է այս տարի բանակին յատկացուած գումարին, որուն այնքան կարիքը ունի երկրի պաշտպանութիւնը:
Դժբախտաբար, վերոյիշեալ գործերով մինչեւ օրս ոչ մէկ դատավճիռ կայացուած է: Այս ընթացքով, երբ դատական մէկ նիստէն միւսը մէկ ամիս կը տեւէ, փոխանակ յաջորդական օրերուն գումարուելու ու արագ` արդարացման կամ հաստատման վճիռներ կայացուելու, հարցերը կրնան տարիներով ձգձգուիլ ու շատ մը պարագաներուն որոշումները կը դառնան անգործադրելի` վաղեմութեան ժամկէտներու պատճառաւ:
Հասարակութեան չիրականացած ակնկալիքներուն քաջածանօթ կառավարութիւնը պարտաւոր է մօտէն հետեւելու այս հարցերուն եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ լուծումներ գտնելու, օգտուելով նաեւ այլ երկիրներու դատավարական օրէնքներէն: Այլապէս, որեւէ իշխանութիւն ժողովուրդի չիրականացած ակնկալիքներուն դէմ ապահովագրուած չէ, նոյնիսկ յեղափոխական իշխանութիւնը:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»