«Ալ. Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի ղեկավար Ռուտոլֆ Խառատեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է, որ նոր բեմադրութիւն մը կը պատրաստէ՝ «Լա Պոհէմ» պալէն, նուիրուած՝ Շառլ Ազնաւուրի կեանքին եւ գործունէութեան: Անդրանիկ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ աշնան, Երեւանի մէջ:
Շուրջ 40 վայրկեան տեւողութեամբ մէկ արարնոց այս պալէին մէջ պիտի հնչեն Շառլ Ազնաւուրի երգերը:
Այս առիթով նշենք, որ Շառլ Ազնաւուր ամերիկեան CNN հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի մը մէջ ընդգծած է Հայոց ցեղասպանութեան՝ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման անհրաժեշտութիւնը: