image
Հրատապ լուրեր:

Կառավարութեան կազմութիւնը ժամերո՞ւ հարց

Կառավարութեան կազմութիւնը ժամերո՞ւ հարց

 Ըստ  Լիբանանցի քաղաքական  գործիչ՝ Ուիամ Ուահապին Լիբանանի  նոր կառավարութեան կազմութեան  խնդիրը ընդամէնը ժամերու հարց է։ 

 Ուահապ,  որ յայտնի է ներքին խմորումներուն իր տեղեկացուած ըլլալու հանգամանքով դվիթերեան գրառում մը կատարած է նշելով, որ  պաշտօնական Փարիզ  շատ կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ յաջողցնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը։

 

 Յիշեցնենք, որ աւելի քան ինը ամիսէ ի վեր Լիբանան կը շարունակէ  «ապրիլ» առանց կառավարութեան, իսկ  հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ կը գործէ ընդամէնը  պաշտօնակատար-վարչապետի լիազօրութիւններով։