Ըստ Լիբանանցի քաղաքական գործիչ՝ Ուիամ Ուահապին Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան խնդիրը ընդամէնը ժամերու հարց է։
Ուահապ, որ յայտնի է ներքին խմորումներուն իր տեղեկացուած ըլլալու հանգամանքով դվիթերեան գրառում մը կատարած է նշելով, որ պաշտօնական Փարիզ շատ կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ յաջողցնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը։
Յիշեցնենք, որ աւելի քան ինը ամիսէ ի վեր Լիբանան կը շարունակէ «ապրիլ» առանց կառավարութեան, իսկ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ կը գործէ ընդամէնը պաշտօնակատար-վարչապետի լիազօրութիւններով։