image
Հրատապ լուրեր:

«Կ՚ուզես, կ՚ուզես, շատ բան կ՚ուզես». Ուիլիըմ Սարոյեանի փափաքները

«Կ՚ուզես, կ՚ուզես, շատ բան կ՚ուզես». Ուիլիըմ Սարոյեանի փափաքները

Քառասուն տարի առաջ՝ 1982-ի մայիսեան այս օրերուն, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի (մահացած 1981-ին) աճիւնին մէկ մասը ԱՄՆ-էն բերուեցաւ Հայաստան եւ յունիս մէկին ամփոփուեցաւ Կոմիտասի անուան հայ մեծերու պանթէոնին մէջ: Այդ մէկը եղած էր Սարոյեանի փափաքներէն, կտակին մէջ գրուած:

Հայրենիքին հետ կապուած Սարոյեան ունեցած է բազմաթիւ փափաքներ, ցանկութիւններ եւ տեղ մը նաեւ պահանջներ, զորս արտայայտած է իր կենդանութեան տարիներուն: Անոր ցանկութիւններուն մասին կը տեղեկանանք Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ պահուող նամակներէն, որ Սարոյեան յղած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանին եւ այլ մտաւորականներու: Մանաւանդ Համազասպեանի հետ գրողին ունեցած նամակագրութենէն շատ բան պարզ կը դառնայ:

Խորհրդային փակ տարիներուն ստեղծուած այդ կառոյցը, թէեւ արտաքուստ մշակութային նպատակներ գործադրող դէմք ունէր, սակայն իրականութեան մէջ նաեւ քաղաքական հարցեր կը կարգաւորէր զանազան երկիրներու հայութեան հետ: Կոմիտէին աշխատանքը կը վերահսկուէր անվտանգութեան մարմիններու կողմէ, եւ բոլոր նամակները, որոնք սփիւռքէն կը հասնէին Հայաստան, նախ ազգային անվտանգութեան մարմինները կը քննէին, ապա կը փոխանցուէին այս կոմիտէին: Կոմիտէն իր կարգին հաշուետու էր պետութեան եւ ոչ մէկ քայլ կը կատարէր առանց համապատասխան կառոյցներու իմացութեան:

Ահաւասիկ, նոյն կերպով քննուած են նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի՝ հայրենիք ղրկուած նամակները, ատոնք թարգմանուած են հայերէնի եւ անգլերէն բնօրինակներուն հետ այսօր կը պահուին Ազգային արխիւին մէջ:

Սփիւռքահայութեան հետ կապի կոմիտէէն զատ Սարոյեան նամակներ յղած է նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան, բայց ուշագրաւ է մանաւանդ կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի նամակագրութիւնը:

Այդ նամակագրութիւնը ուսումնասիրելով, նախ յայտնի կը դառնայ, որ Սարոյեան Հայաստանէն պահանջած է Հայաստանի մէջ տպուած իր գիրքերուն վաճառքէն գանձուած գումարէն մաս մը, իր գործերուն հիման վրայ բեմադրուած թատրերգութիւններու եւ նկարահանուած ժապաւէններու համար հեղինակին հասնելիք գումարը:

Իբրեւ գրող, որ լաւ գիտէր ստեղծագործական աշխատանքին գինը եւ այդ գինը ստացած էր իր ապրած երկրին մէջ, նաեւ՝ ուրիշ երկիրներ վճարած էին անոր պատմուածքները տպագրելու, թարտերգութիւնները գործածելու համար, Սարոյեան նոյն կերպով փորձած է գումար ստանալ նաեւ Խորհրդային Հայաստանէն: Հայաստանէն ողջունած են անոր այդ ցանկութիւնը, բայց նամակներէն պարզ չի դառնար, թէ այդ գումարը Սարոյեան ստացա՞ծ է ի վերջոյ, թէ՞ ոչ: Չկայ որեւէ վկայութիւն, թէ Խորհրդային Հայաստանը, անցեալ դարու կէսերուն, եռանդով թարգմանելով եւ տպագրելով հայ գրողին գործերը (որոնք կը վաճառուէին արագութեամբ) անոր գումար վճարած է: Գրողը ողջ էր եւ հեղինակային իրաւունքի մասին բոլոր օրէնքներով ան իրաւունք ունէր ստանալու շահոյթէն զգալի մաս մը, աւելին, ան տեղեակ պիտի պահուէր ամէն մանրամասնութենէ: Բայց նամակներէն կը հասկնանք, որ Սարոյեանի թատրերգութիւնները բեմադրուած են առանց իր գիտութեան, որ քիչ մը վրդովեցուցած է գրողը…

1960 թուականէն սկսեալ Սարոյեան քանի մը անգամ եղած է Խորհրդային Հայաստան, վերադառնալէ ետք անոր կապի միակ միջոցը եղած են նամակները, որոնք ուշ տեղ կը հասնէին, յաճախ նամակներուն մէջ գրուած անոր հարցումները անպատասխան կը մնային եւ ան ստիպուած կ՚ըլլար կրկին յիշեցնելու այն մասերը, որոնք կը վերաբերէին նիւթական հարցերուն եւ կեցութեան ծախսերուն: Իսկ ամենաուշագրաւը այն է, որ Սարոյեան զգալով, որ քիչ մը շատ պահանջներ կը դնէ Հայաստանի առջեւ, նամակներէն մէկուն մէջ, ինքնահեգնանքով պիթլիսեան հին արտայայտութիւնը յիշած է. «Կ՚ուզես, կ՚ուզես, շատ բան կ ՚ուզես»:

Յատկանշական է, որ Հայաստան իր վերջին այցելութենէն ետք ան կտրած է նամակագրական կապը (յայտնի կը դառնայ Համազասպեանի մէկ նամակէն), որ ենթադրել կու տայ, թէ բան մը նեղացուցած է Սարոյեանը: Արդէն ատկէ մէկ տարի ետք ալ մահացած է գրողը եւ նամակագրութեան մէջ առաջ քաշուած անոր պահանջներուն մասին աւելի բան յայտնի չէ: Նամակներուն մէկ մասը ան Հայաստան ղրկած է իր Փարիզ եղած օրերուն: Ազգային արխիւէն կը ներկայացնենք նամակներէն ուշագրաւ հատուածներ:

*

20 ապրիլ 1976 թուական

Փարիզ
Վարդգէս Համազասպեանին

Կը խնդրեմ ինձ ղրկուող բոլոր թերթերը, ամսագրերը եւ գիրքերը առաքել իմ նոր հասցէին.

1821 15th Avenue San Francisco California 94122 U. S. A.

Եթէ կարելի է՝ կը խնդրեմ պարոն Գրիգոր Ադամեանին հետ ղրկել տեղեկութիւններ հայերէնով լոյս տեսած իմ թատրերգութիւններուն մասին: Ես կ՚ուզէի տեսնել «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» ներկայացման տեսարաններուն եւ գործող անձերուն լուսանկարները եւ, առանձնապէս, կը փափաքէի ունենալ այդ թատրերգութեան համար Առնօ Բաբաջանեանի գրած երաժշտութեան ձայնագրութիւնը կամ ձայնապնակը: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ իմ միւս՝ «Խաղողի այգի» թատրերգութեան: Կ՚ենթադրեմ, որ այս թատրերգութիւններէն իւրաքանչիւրը ունի իր բեմականացման պատմութիւնը, եւ ես կ՚ուզէի մի քանի տեղեկութիւններ գիտնալ այս առթիւ: Ե՞րբ առաջին անգամ բեմադրուած է այդ թատրերգութիւնը եւ ատկէ ետք, ե՞րբ եղած են այլ ներկայացումներ:

Կը ցաւիմ, որ անգլերէնէ զատ ոչ մէկ ուրիշ լեզուով կրնամ կարդալ՝ ո՛չ հայերէն եւ ո՛չ ալ ռուսերէն: Կը կարծեմ, որ կը գտնուի մէկը, որ անգլերէն կը տպէ իմ այս նամակիս պատասխանը եւ իմ խնդրած տեղեկութիւնները:

Կ՚ուզէի գիտնալ նաեւ, թէ իմ գիրքերէն որո՞նք թարգմանուած են հայերէնի, որո՞նք հրատարակուած եւ վաճառուած են: Կ՚ենթադրեմ, որ թէ՛ թատրերգութիւններու բեմադրութեան եւ թէ՛ գիրքերու հրատարակման համար գոյութիւն ունի վճարման կարգ՝ համաձայն Ժընեւի հեղինակային իրաւունքին: Եւ եթէ գոյութիւն ունի, կարո՞ղ էք դուք ինծի յայտնել, թէ որքա՞ն է իւրաքանչիւր գործին վճարման գումարը: Իմ նամակս քիչ մը գործնական բնոյթ ունի, կը խնդրեմ զիս ճիշդ հասկնալ:

Ես ոչ մէկ կառավարութեան, մշակութային ընկերութեան, ոչ մէկ խնամակալի կողմէ դրամական նպաստ կը ստանամ: Իմ դրամս ես կը վաստակեմ գրելու շնորհիւ, հետեւաբար այս վճարումներուն հարցը ինծի համար ունի կարեւոր նշանակութիւն:

Ես ցանկութիւն ունիմ այցելելու Հայաստան: Եթէ իմ թատրերգութիւններէն եւ գիրքերէն գոյացած գումարը կը պահուի, ապա կը փափաքէի գիտնալ՝ թէ ինչպէ՞ս է ատոր տնօրինման օրէնքը: Գիտեմ, որ կ՚արտօնուի այդ դրամով գնումներ կատարել: Կ՚արտօնուի՞ արդեօք այդ դրամով նուիրատուութիւն կատարել ընկերներուն, ծանօթներուն, բարեկամներուն: Երբ ստանամ ձեզմէ այս նամակին մէջ խնդրած տեղեկութիւններուն պատասխանը եւ եթէ այցելեմ Հայաստան, ապա մեծ ցանկութիւն ունիմ թարմացնելու իմ յարաբերութիւններս քանի մը մարդոց հետ, այդ կարգին՝ Փարիզի իմ դրացի Էտուարտ Ադամեանի, պիթլիսցի թատերագիր Արամ Արշակի Պապոեանի (ճի՞շդ գրած եմ մականունը), որուն հետ ծանօթացած եմ 1960 թուականին, Սունդուկեանի թատրոնի բեմադրիչ Աճէմեանի, Խարքովի, թէ Ռոսթովի երկաթուղային կայարանին մէջ ծանօթացած բեմադրիչի մը հետ, որուն մականունը նոյնպէս Սարոյեան է, եւ Փաթրիք Սելեանի հետ, որ ժամանակ մը կը բնակէր Լոս Անճելըս, եւ որ մեծապէս օգնեց ինծի, երբ 1960 թուականին այցելած էի Երեւան: Թերեւս ան կարենայ օգնել ձեզի, որ իմ այս նամակիս պատասխանը գրուի անգլերէնով, որմէ ետք պարոն Գրիգոր Ադամեանը իրեն հետ կը բերէ Փարիզ: Եթէ ունիք հայերէնով լոյս տեսած իմ գիրքերէս, ապա կը խնդրէի, որ իւրաքանչիւրէն երկու-երեք օրինակ ղրկէք ինծի վերը նշուած իմ Սան Ֆրանսիսքոյի հասցէիս…

Մնամ անկեղծօրէն՝
Ուիլիըմ Սարոյեան

*

5 մայիս, 1976 թուական
Փարիզ

Յարգելի ընկեր Վարդգէս Համազասպեան,

Շատ շնորհակալ եմ իմ ապրիլ 20-ի նամակիս ձեր ապրիլ 30-ի պատասխանին համար, որ ինծի յանձնեց պարոն Գրիգոր Ադամեանը: Մանաւանդ շատ շնորհակալ եմ, որ դուք այդ պատասխանը անգլերէնով գրած էիք, քանի որ, ինչպէս դուք գիտէք, ես կրնամ խօսիլ ու հասկնալ, երբ ուրիշները կը խօսին հայերէն, սակայն ես ի վիճակի չեմ գրել եւ կարդալ հայերէն:

Ձեր նամակին մէջ շատ անուշ խօսքեր կային ինծի ուղղուած, սակայն միաժամանակ կարգ մը կէտերու պատասխանը չէիք տուած:

1. Որեւէ մէկը կը նշէ՞ իմ այն գիրքերուս անունները, որոնք թարգմանուած են հայերէնի եւ հրատարակուած Հայաստան: Եւ արդեօք կրնա՞ք ղրկել այդ գիրքերէն երկուքական օրինակ իմ Սան Ֆրանսիսքոյի հասցէին:

2. Կրնա՞ք արդեօք ղրկել իմ թատրերգութիւններու եւ թատերական գործերու բեմադրութեան պատմութիւնը եւ միաժամանակ իւրաքանչիւր բեմադրութեան ծրագիրը (եթէ ունիք այդ ծրագրէն միայն մէկ օրինակ, ապա կը խնդրեմ ղրկել անոնց պատճէնը): Կը խնդրէի ղրկել նաեւ ամէն ներկայացման բեմադրութենէն առնուազն մէկ լուսանկար, որ կը պատկերէ բեմական տեսարանն ու գործող անձերը:

3. Կրնա՞ք ժապաւէնի վրայ ձայնագրել եւ ղրկել «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» թատրերգութեան համար Առնօ Բաբաջանեանի գրած երաժշտութիւնը: Եթէ ձեր տրամադրութեան տակ կայ այս թատրերգութեան շարժանկարի երաժշտութիւնը, ապա կը խնդրէի, որ նոյնպէս ձայնագրէիք եւ ղրկէիք: Ատիկա աւանդոյթ է, եւ պէտք է ըսեմ, որ Ժընեւի համաձայնագրի մասնակից երկիրները, նախքան որեւէ հեղինակի գործը շարժանկարի վերածելը, պէտք է արտօնութիւն ստանան հեղինակէն: Ըսեմ՝ ինչի՛ համար: «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» թատրերգութեան նկարահանման բեմադրիչրը, դերակատարները կրնան չհամապատասխանել այդ թատրերգութեան բովանդակութեան, քանի որ անոնց ոչ ճիշդ ընտրութիւնը կրնայ վնաս պատճառել թատրերգութեան, հեղինակին, եւ որ ամենակարեւորն է՝ հայ հանդիսատեսին: Այժմ, երբ շարժանկարը արդէն պատրաստ է, կը փափաքէի գիտնալ՝ ո՞վքեր են ֆիլմի բեմադրիչը, բեմագրութեան հեղինակը, դերակատարները: Նաեւ կը փափաքէի ունենալ լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ շարժանկարի մասին ազդագրեր՝ իւրաքանչիւրէն առնուազն 2-ական օրինակ:

 

Գոյութիւն ունի այսպէս կոչուած տեսագրութիւն: Եթէ դժուար չէ եւ մեծ ծախսերու հետ կապուած չէ, կրնա՞ք ինծի ղրկել այդ շարժանկարին տեսագրութիւնը: Այս ամէնը մեծ հոգ կրնայ թուիլ, սակայն պիտի ըսեմ, որ գրելը նոյնպէս մեծ հոգ է: Եւ ինչ որ ես կը գրեմ, իմ երկար տարիներու դժուար աշխատանքին արդիւնքն է, եւ կը փափաքիմ, որ բոլոր ժողովուրդները ընդհանրապէս եւ հայ ժողովուրդը մասնաւորապէս ու քաղաքականութեան հետ առընչութիւն չունեցող աշխատաւոր ժողովուրդը, որոնք մարդկային ցեղի իսկական ազնուականական շերտը կը կազմեն, իմ գործերս կարդան այնպէս, ինչպէս ե՛ս գրած եմ` չաղաւաղուած, չփոփոխուած, պարզ եւ շիտակ…

Այո՛, ես շատ մեծ ցանկութիւն ունիմ կրկին այցելելու մեր սիրելի հայրենիքը…

Չեմ գիտեր, թէ ձեզմէ կրկին նամակ կը ստանա՞մ, թէ՞ ոչ, բայց երբ նորէն այցելեմ Հայաստան, պէտք է զգամ, որ Հայաստանի մէջ կան պատասխանատու անձեր, որոնք կը բաւարարեն իմ խնդրանքներս եւ հնարաւորութիւն կու տան ինծի հաւատալու, որ իմ այցս կ՚ըլլայ թէ՛ մտածուած եւ թէ՛ հաճելի: Կրկին շնորհակալութիւն ձեր բարեմաղթութիւններուն համար:

Յ. Գ. Կը խնդրեմ բարեւներս հաղորդել Ադամեանի զարմիկին՝ Գրիգոր Քէշիշեանին եւ ըսել անոր, որ ինծի անգլերէն գրէ, թէ իմ գործերէս ինքը որո՛նք թարգմանած է եւ այդ թարգմանութիւններէն քանի մը օրինակ ինծի ղրկէ:

Մնամ անկեղծօրէն՝
Ուիլիըմ Սարոյեան

*

15 յունիս 1976 թուական,
Երեւան

Յարգելի պարոն Սարոյեան,

Ես մեծ սիրով ու հետաքրքրութեամբ կարդացի մայիս 5-ի ձեր նամակը: Հաճոյքով կը տեղեկացնեմ, որ ձեր գիրքերէն հայերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած են հետեւեալները՝ «Վաթսուն մղոն մէկ ժամուայ մէջ» (կարճ պատմուածքներու ժողովածոյ մըն է), «Մարդկային կատակերգութիւն», «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է», «Ուէսլի Ճեքսընի արկածները» եւ «Խաղողի այգին»: Բոլոր գիրքերը անմիջապէս վաճառուեցան՝ տպագրութենէն քանի մը օր չանցած: Մենք խնդրեցինք Երեւանի հանրային գրադարանին, որ մեզի տրամադրեն քանի մը օրինակ ձեր գիրքերէն եւ անոնք բարեացակամօրէն ըրին: Քանի մը օր առաջ ձեր՝ Սան Ֆրանսիսքոյի հասցէին, ղրկեցինք վերոյիշեալ բոլոր գիրքերը (ամէն մէկէն մէկ օրինակ), բացի «Վաթսուն մղոն մէկ ժամուայ մէջ»էն, որ դըժ-բախտաբար, ձեռք բերել չկարողացանք:

Մենք ղրկած ենք նաեւ տիկին Նաթալի Գոնչարի գիրքերը (երկու օրինակ, ռուսերէնով), որոնք ձեր մասին են: Գիրքերուն հետ կը գտնէք նաեւ տիկին Գոնչարի նամակը՝ ուղղուած ձեզի: Ժապաւէնի վրայ ձայնագրած ենք նաեւ ձեր հանրայայտ «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» թատրերգութեան համար Առնօ Բաբաջանեանի գրած երաժշտութիւնը եւ մօտ ապագային կը ղրկենք՝ Սան Ֆրանսիսքօ եկող որեւէ վստահելի անձի հետ:

Հաւանական է, որ ձեզի ուղարկենք ձեր թատրերգութիւններու հրատարակման պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ թատրերգութիւններու ծրագրերը եւ բեմադրութեան տեսարանները ներկայացնող լուսանկարներ՝ ուղեկցող բացատրութիւններով: Դժբախտաբար, թեքնիք պատճառներով չկրցանք «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» շարժանկարը տեսագրել ձեզի համար, սակայն ձեր այդ ցանկութիւնը կ՚իրականացնենք շուտով:

Յարգելի պարոն Սարոյեան,

Դուք պէտք է լաւ գիտնաք, թէ ինչ սէր ու յարգանք կը վայելէք Խորհրդային Միութեան մէջ եւ մանաւանդ՝ Հայաստանի: Մենք երջանիկ ենք, որ դուք մտադիր էք հայրենիք գալու: Կարող էք գալ, երբ ուզէք: Սակայն կը խնդրենք մեզի հետ նախօրօք կապուիլ, որ կարենանք ձեզ Մոսկուա դիմաւորել: Դուք մեր ցանկալի հիւրն էք եւ ձեր կենալու, ինչպէս նաեւ վերադառնալու բոլոր ծախսերը կը հոգայ մեր կոմիտէն: Բայց, դժբախտաբար, ըստ գործող օրէնքի, անկարելի է ձեզի այստեղէն տոմս ղրկել: Սակայն եթէ դուք գնէք տոմս, մենք մեծ հաճոյքով կը վճարենք անոր արժէքը խորհրդային դրամով: Հոկտեմբերը լաւագոյն ամիսն է Հայաստան: Յոյսով ենք՝ կ՚ընդունիք մեր հրաւէրը, եւ ձեր երկրպագուները մէկ անգամ եւս կը վայելեն ձեզ տեսնելու հաճոյքը:

Կը խնդրենք տեղեկացնել ձեր որոշման մասին, որ կարենանք ժամանակին լուծել մուտքի արտօնութեան հետ կապուած հարցերը:

Յարգանքներով՝
Վարդգէս Համազասպեան

*

27 օգոստոս 1976 թուական
Ֆրեզնօ

Յարգելի պրն. Համազասպեան,

Շատ շնորհակալութիւն ձեր յունիս 15-ի նամակին համար, որ ինծի հասաւ յունիս 29-ին: Իսկ մէկ ամիս անց Վարազ Սամուէլեան ինծի բերաւ «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» թատրերգութեան համար Առնօ Բաբաջանեանի գրած երաժշտութեան ձայնագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ թատրերգութեան բեմադրութեան ու հեռատեսիլային շարժանկարի լուսանկարները: Վարազ Սամուէլեանի ինքնաշարժով գացինք ելեկտրոնիք խանութ, ուր ձեր ղրկած ժապաւէնը փոխադրեցինք կոշտ սկաւառակի վրայ, որ կարելի ըլլայ զայն լսել: Լսեցի այդ երաժշտութիւնը մեծ հաճոյքով ու հիացմունքով: Իմ խորազգած յարգանքներս ու սրտագին մաղթանքներս ընկերոջս՝ Առնօ Բաբաջանեանին: Երաժշտութիւնը կը տեւէ 8 վայրկեան, եւ, ըստ իմ ենթադրութեան, ատիկա թատրերգութեան ու հեռատեսիլային շարժանկարի հիմնական երաժշտութիւնն է, որ կը հնչէ ամբողջ թատրերգութեան ու շարժանկարի ընթացքին: Ուշադրութեամբ ծանօթացայ լուսանկարներուն եւ թաքուն սիրահարուած եմ թատրերգութիւններուս բեմադրութեանն ու անոնց նկարահանման:

Նաթալի Գոնչարի ռուսերէն գրած երկու գիրքերը տակաւին տեղ չեն հասած: Հաւանաբար, զանոնք ղրկած էք իմ Սան Ֆրանսիսքոյի հասցէին, եւ քանի որ ես երկար ժամանակ չեմ եղած Սան Ֆրանսիսքոյի իմ տան մէջ (որ այժմ զբաղեցուցած է աւագ քոյրս՝ Քոզէթը), ուստի չեմ գիտեր, թէ այդ գիրքերը տեղ հասա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Դուք գիտէք, որ ես կրնամ կարդալ միայն անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Սակայն իմ գիրքերս կը թարգմանուին սպաներէնի, իտալերէնի, գերմաներէնի: Ես կը փափաքիմ ունենալ այդ բոլոր լեզուներով թարգմանուած գիրքերս: Հարկաւ, ստացած եմ տիկին Գոնչարի ձեռագիր նամակը, զոր կարդացի մեծ հաճոյքով եւ ջերմ հետաքրքրութեամբ: Անոր կը յղեմ իմ անկեղծ ողջոյններս եւ շնորհակալութիւններս՝ իր նամակին ու գրածներուն համար, անկախ այն բանէն, թէ իր գրածները ինծի կը վերաբերի՞ն, թէ՞ ոչ:

…Այժմ արդէն սեպտեմբեր ամիսն է եւ ես ցանկութիւն ունիմ ընդունելու Ձեր հրաւէրն ու գալու Երեւան: Կը փափաքէի Հայաստան այցելել հոկտեմբեր ամսուն:

Կը խնդրեմ ղրկել բաց վիզա եւ յայտնել, թէ ինչպէս կրնամ առանց գլխացաւի իմ վիզաս ստանալ Սան Ֆրանսիսքօ կամ Նիւ Եորք: Այս նամակս ստանալուն պէս միաժամանակ կը խնդրէի անյապաղ յայտնել հետեւեալ երեք բաներուն մասին.

1. Եթէ Երեւան գամ հոկտեմբերին, կրնա՞մ դիտել «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է», «Խաղողի այգին» թատրերգութիւններու բեմադրութիւնները, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլային շարժանկարը:

2. Կրնա՞մ իմ գիրքերէս, թատրերգութիւններէս գոյացած ստեղծագործական վճարներուն դիմաց դրամ ստանալ: Կրնա՞մ օրինական արտօնութիւն ստանալ այդ գումարը ծախսելու համար:

1960 թուականին Մոսկուայի մէջ Կենատի Կենրոնսքին զիս տարաւ իմ գիրքերուս հրատարակիչներուն քով, որոնք գիրքերուս համար գումար տուին: Այդ գումարով ես դրամատունին մէջ հաշիւ բացի: Եթէ Մոսկուա ըլլամ, կրնա՞մ այդ հաշուին դիմաց դրամ ստանալ: Դժբախտաբար, չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր ձգած եմ դրամատան տետրակը: Բայց գուցէ մէկը ըլլայ, որ կարենայ գտնել այդ հաշուեհամարը եւ ինծի տալ ատոր մէջ եղած գումարը:

3. Եթէ գամ Երեւան, շատ-շատ կը փափաքիմ, որ ինծի ապահովէք շատ հանգիստ սենեակով պանդոկ կամ բնակարան:

Կը փափաքէի այցելել Մատենադարան, քոնեակի գործարան, հնագոյն արհեստներու թանգարան, կարգ մը գործարաններ, դպրոցներ, զանազան վայրեր, մանաւանդ՝ հին եկեղեցիներ եւ նման շինութիւններ: Գոյութիւն ունի հին պիթլիսերէն արտայայտութիւն մը. «Կ՚ուզես, կ՚ուզես, շատ բան կ՚ուզես»:

Յոյսով եմ, որ այս նամակը ձեզի կը հասնի 7-8 օրուայ մէջ, իսկ պատասխանը կը ստանամ սեպտեմբերի կէսերուն:

Ձեզի եւ ձեր ընկերներուն կը ղրկեմ իմ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս:

Յ. Գ. Եւ պայման մըն ալ. եթէ իմ այցելութեան ժամանակ ինծի ուղեկցէր լուսանկարիչ մը, այս մէկը արդեօք դժուարութիւններ չէ՞ր յարուցաներ ձեզի: Գուցէ իմ այս այցելութեանս մասին գիրք գրեմ: Չէի ուզեր Չոլաքեանի նման լուսանկարիչ, այլ ուրիշ՝ նոր լուսանկարիչ, որ իմ ուզած նկարները կ ՚ընէ:

Ուիլիըմ Սարոյեան

*

10 սեպտեմբեր 1976
Երեւան

Յարգելի պարոն Սարոյեան,

Շատ ուրախացանք՝ ստանալով օգոստոս 27-ի ձեր նամակը: Այն պահուն, երբ անիկա տեղ հասաւ, մենք ձեզի տեղեակ պահեցինք, որ ստացած ենք: Չափազանց ուրախ ենք, որ ընդունած էք մեր հրաւէրն ու անհամբերութեամբ կը սպասենք գալիք հոկտեմբերին ձեր մօտալուտ ժամանումին: Մուտքի արտօնութեան հետ կապուած բոլոր խնդիրները հոգացած ենք: Վիզան կրնաք ստանալ Սան Ֆրանսիսքոյի սովետական խորհուրդէն: Ձեր վիզան տասը օրուայ համար է, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ ստիպուած պիտի ըլլաք տասնմէկերորդ օրը լքել Հայաստանը: Մենք այստեղ կը երկարացնենք ձեր վիզան՝ ինչքան որ կամենաք: Դուք պէտք է օդանաւի տոմս առնէք դէպի Մոսկուա:

Շնորհակալ կ՚ըլլանք, եթէ մեզ նախօրօք տեղեակ պահէք ձեր ժամանման օրն ու թռիչքին թիւը, որպէսզի մեր ներկայացուցիչը ձեզ դիմաւորէ Մոսկուայի մէջ եւ ուղեկցի Երեւան: Երեւանի մէջ դուք կը դիտէք «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» թատրերգութեան բեմադրութիւնը, նաեւ՝ շարժանկարը: Թատրոնի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ կարելիութիւն կ՚ունենաք դիտելու նաեւ «Խաղողի այգին»:

Ցաւօք, ձեզի վճարելու հարցը կարգ մը բարդութիւններու հետ կապուած է:

Հակառակ որ կայ յստակ օրէնք մը, ըստ որուն ոչ մէկ վճարում կը տրուի հեղինակին այն գիրքերուն համար, որոնք գրուած ու տպագրուած են մինչեւ 1973 թուականի յունիսը, սակայն մենք ամէն բան պիտի ընենք, որպէսզի դուք բացառութեան կարգով գումար ստանաք Խորհրդային Միութեան մէջ տպագրուած ձեր գիրքերուն համար:

Լաւ կ՚ըլլար, եթէ կարենայինք գտնել Մոսկուայի դրամատունէն 1960-ին ստացած ձեր դրամատան տետրակը: Եթէ շտապ կարիք ըլլայ, մեր ներկայացուցիչը կը հանդիպի ձեզի Մոսկուայի մէջ, եւ դուք կը ստանաք գումարը: Երեւանի մէջ կը ստանաք գումար այն պատմուածքներուն համար, որոնք տպագրուած են մեր ամսագրերուն եւ թերթերուն մէջ: Նշուած ողջ գումարը կրնաք տնօրինել՝ ըստ ձեր կամեցողութեան:

Հայաստան մնալու ընթացքին ձեզի համար կը ստեղծուին բոլոր անհրաժեշտ պայմանները: Դուք կը մնաք հանգիստ ու յարմարաւէտ պանդոկի մէջ, կ՚ունենաք հնարաւորութիւն՝ այցելելու տեսարժան վայրեր՝ Մատենադարան, քոնեակի գործարան, հինաւուրց եկեղեցիներ ու ճարտարապետական կոթողներ եւ շատ այլ տեղեր: Ձեզի կ՚ուղեկցի մեր լուսանկարիչը, որ կը լուսանկարէ այն ինչ որ դուք կ՚ուզէք:

Կը վստահեցնեմ, սիրելի ընկեր, որ հետաքրքրական ժամանակ պիտի անցընէք ձեր հինաւուրց ու նոր հայրենիքին մէջ՝ շրջապատուած այն մարդոցմով, որոնք կը հասկնան եւ կը գնահատեն ձեր արուեստը:

Սիրով՝
Վարդգէս Համազասպեան

*

21 մարտ 1979 թուական
Երեւան

Յարգելի բարեկամ Ուիլիըմ Սարոյեան,

Շուրջ 4 ամիս անցած է այն օրէն, երբ մենք բաժնուեցանք, սակայն մինչեւ օրս ձեզմէ որեւէ լուր չունինք:

Մեզ կը զարմացնէ, որ դուք յաճախ լռութեան կը մատնէք կամ անպատասխան կը թողուք մեր կողմէ ղրկուած նամակները, որոնք մենք ժամանակին, թէեւ ոչ յաճախ, կը ղրկենք: Կը հասկնանք, որ բազմազբաղ էք եւ կարելիութիւն չունիք պատասխանելու բոլոր նամակներուն, սակայն կոմիտէն այն հաստատութիւնն է, որուն միջոցով մեր ժողովուրդին կրնաք հասցնել ձեր ցանկութիւններն ու մտորումները:

Մենք մեծ խորհուրդ կը տեսնենք այն բանին մէջ, որ դուք՝ մեր ժողովուրդի ծոցէն ելած ու համաշխարհային ճանաչումի արժանացած հայազգի զաւակը, աշխարհին կը ներկայացնէք հայ միջնադարեան գրականութեան ականաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Նահապետ Քուչակին: Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւններ կը մաղթենք: Մեր այս նամակին հետ այսօր ձեր Ֆրեզնոյի հասցէի նամակատանը կը յանձնենք քանի մը օրինակ՝ «Թրէյսիի վագրը» գիրքէն: Ստանալուն պէս կը խնդրէինք տեղեակ պահել:

Միաժամանակ հաճելի կ՚ըլլար գիտնալ, թէ ինչպիսի՞ տպաւորութիւններով վերադարձաք մայր հայրենիքէն, ինչպէ՞ս հասաք Աղեքսանդրիա, ինչպէ՞ս գտաք ձեր բարեկամներն ու ընկերները՝ երկարատեւ բաժանումէն ետք:

Ջերմ ողջոյններով եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝

Կոմիտէի նախագահ՝
Վարդգէս Համազասպեան

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս