Հիւսիսատլանտեան դաշինքի անդամ երկիրները մտադիր են հետագայ օգնութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ եւ զինամթերք մատակարարել: Այս մասին յայտնած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկը:
«Դաշնակիցները հաւատարիմ են Ուքրանիոյ հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերելուն, ներառեալ հակահրասայլային զէնքի, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ այլ սարքաւորումներու մատակարարում», ըսած է Սթոլթենպըրկ:
Գլխաւոր քրատուղարին խօսքով` ՆԱԹՕ-ն Ուքրանիոյ ռազմական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ այն չափով, որ պիտի չյանգեցնէ Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ լայնամասշտաբ պատերազմի:
«ՆԱԹՕ-ի պարտականութիւնն է կանխել Ուքրանիոյ սահմաններէն դուրս մագլցումը: Սա է պատճառը, որ ՆԱԹՕ-ն ստիպուած է դժուար որոշում կայացնել՝ օգնութիւն տրամադրել այն ձեւով, որ չնպաստէ hակամարտութեան` Ռուսաստանի` միջուկային տէրութեան եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ լայնածաւալ պատերազմի վերածման: Սա իրողութիւն է, որ պէտք է ընդունիլ», ըսած է Սթոլթենպըրկ:
ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը կը կարծէ, որ դաշինքի որեւէ անդամ չ'աջակցիր Ուքրանիա զօրք ուղարկելուն:
«Մենք կ'ուսումնասիրենք, թէ ուրիշ ինչ կրնանք ընել Ռուսաստանին վնասելու համար, ներառեալ պատժամիջոցները, բայց ես կ'ենթադրեմ, որ ՆԱԹՕ-ի որեւէ երկիր չ'աջակցիր ՆԱԹՕ-ի զօրքերը Ուքրանիա ուղարկելուն», ըսած է ան: