Իսրայէլացի գիտնականները կ'ենթադրեն, որ այս ամառ Քովիտ-ի նոր միջազգային ալիքի իրական վտանգ կայ, եւ «Տելթա» տարբերակը կրնայ վերադառնալ:
Հետազօտութիւնը հիմնուած է կոյուղաջրերու իսրայէլեան վերահսկողութեան վրայ, որ կը բացայայտէ ոչ միայն «Քովիտ»ի դէպքերու տարածուածութիւնը, այլեւ՝ անոր տարբերակները:
Այն ցոյց տուած է, որ նոյնիսկ «Օմիքրոն»ի ալիքի գագաթնակէտին «Տելթա» նախորդ տարբերակը չէ վերացած, թէեւ կ'ակնկալուէր, որ այն հիմնուած ըլլայ նախորդ ալիքներու աշխուժութեա վրայ:
Երկու տարբերակները սերտելէ յետոյ հետազօտողները եկած են այն եզրակացութեան, որ «Օմիքրոն» եւ անոր ենթատեսակները, ամենայն հաւանականութեամբ, շուտով կ'անհետանան, բայց «Տելթա»ն այնքան ուժեղ կայունութիւն ցուցաբերած է, որ կրնայ դարձեալ յայտնուիլ:
«Մեր արդիւնքները ցոյց կու տան, որ համավարակը դեռ չէ աւարտած, եւ կ'ենթադրուի, որ վաղ թէ ուշ նոր ալիք պիտի սկսի, թերեւս ամառը կամ ամրան վերջաւորութեան», ըսած է Նեկեւի Պեն Կորիոնի համալսարանի ղեկավար, փրոֆեսոր Արիէլ Քուշմարօն: