««Աբրահամի համաձայնագրի» ռոմանթիք փուլը ձեւով մը խամրած է, եւ մենք այժմ մտած ենք իրատեսական փուլ, եւ այդ հեշտ պիտի չըլլայ», -ըսած է Նոա Կասթֆրեունտը, Tech Zone-ի իսրայէլցի համահիմնադիրը, որ կը միաւորէ խումբ մը Իմարաթի եւ Իսրայէլի արհեստագիտական ոլորտի ձեռներեցներ եւ ներդրողներ։Ամերիկեան թերթը գրած է, որ էմիրաթցիներէն շատերը հրաժարած են հարցազրոյցներ տալէ Կազայի վրայ յարձակման կամ Իսրայէլի հետ ԱՄԷ-ի յարաբերութիւններու մասին։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»
The New York Times-ը նշած է, որ բնականոնեցման համաձայնագրի նկատմամբ իմարաթցիներու բացասական վերաբերմունքը օրըստօրէ կ՚աւելնայ, նշելով, որ մասնաւորապէս այս օրերուն դժուարացած է այդ ծրագրին կողմնակից գտնելը։
Կազայի վրայ Իսրայէլի յարձակման ողջ ընթացքին ԱՄԷ-ն պահպանած է իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, սակայն «այդ յարաբերութիւնները ճնշման տակ են, քանի որ Իսրայէլի դէմ զայրոյթը կը մեծնայ», - գրած է ամերիկեան The New York Times-ը:
Թերթը մատնանշած է, որ «ընդամէնը քանի մը տարի առաջ ԱՄԷ-ի շատ քաղաքացիներ ջերմօրէն կը խօսէին Իսրայէլի հետ իրենց երկրի զարգացող յարաբերութիւններու մասին, սակայն այժմ, երբ Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածը ամիսներէ ի վեր կը ռմբակոծուի , դժուար դարձած է գտնել Իմարաթցի կողմնակիցներ Իսրայէլի հետ բնականոնացման գործարքին։
Թերթը մէջբերած Իմարաթցի գործարարի մը խօսքը, որ անցեալին քաջալերած էր Իսրայէլի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները. ան ըսած է, որ ինքը այժմ «լքած է Իմարաթա-իսրայէլեան գործարար խորհուրդը եւ այլ ըսելիք չունի»։
Թերթը հաղորդած է, որ որոշ Իմարաթցիներ հիասթափուած են Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրէն, սակայն անոնք «կը վախնան հրապարակայնօրէն խօսելէ»։
Թերթը կը նշէ, որ «Իսրայէլի եւ անոր գլխաւոր դաշնակցի՝ ԱՄՆ-ի նկատմամբ զայրոյթը կտրուկ սրեցաւ արաբական աշխարհին մէջ՝ Իսրայէլի ռմբակոծութիւններու եւ Կազա ներխուժելուն պատճառով, որ որոշ արաբական երկիրներ դրդեց վերանայելու իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ»։
Պարբերականը հաստատած է, որ «պատերազմի հետեւանքով առաջացած դիւանագիտական տագնապը, Էմիրութիւններու մէջ Իսրայէլի դեսպանատունն ու հիւպատոսութիւնը դարձուցած է արաբական աշխարհի մէջ միակ լիարժէք գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը»։
Ան գրած է, որ «կառավարութեան պատկանող խումբ մը օդանաւային ընկերութիւններ դադրեցուցած են իրենց թռիչքները դէպի Իսրայէլ։
Տուպայի հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Մուհամմատ Պահարունն ըսած է. «Պատերազմի ներկայ ընթացքը լաւ բան չի յուշեր համաձայնագրերու կամ Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգութեան համար», ընդգծելով, որ «սա գործընկերութիւն է, եւ եթէ գործընկերներէն մէկը իր պարտականութիւններէն կը թերանայ, ապա այլեւս գործընկերութիւն չի մնար»:
«Սակայն, հակառակ ճնշումներուն, Իմարաթի պաշտօնեաները կ՚ըսեն, որ մտադիր չեն խզել յարաբերութիւնները», եւ վերլուծաբանները չեն ակնկալեր, որ «ԱՄԷ-ն դուրս կու գայ բնականոնեցման համաձայնագրէն, քանի որ այն կը շարունակէ մնալ դիւանագիտական փրկութիւն Իսրայէլի համար, մինչդեռ անոր յարաբերութիւնները արաբական այլ երկիրներու հետ կը վատթարանան»,- գրած է The New York Times-ը:
Այնուամենայնիւ, «նոյնիսկ եթէ պայմանագրերու գոյութիւնը վտանգուած չէ, այն, թէ ինչպիսին կ՚ըլլան յարաբերութիւնները, հեռու է որոշակի ըլլալէ», - ըսած են շարք մը իսրայէլցիներ եւ Իմարաթցիներ:
««Աբրահամի համաձայնագրի» ռոմանթիք փուլը ձեւով մը խամրած է, եւ մենք այժմ մտած ենք իրատեսական փուլ, եւ այդ հեշտ պիտի չըլլայ», -ըսած է Նոա Կասթֆրեունտը, Tech Zone-ի իսրայէլցի համահիմնադիրը, որ կը միաւորէ խումբ մը Իմարաթի եւ Իսրայէլի արհեստագիտական ոլորտի ձեռներեցներ եւ ներդրողներ։
Ամերիկեան թերթը գրած է, որ էմիրաթցիներէն շատերը հրաժարած են հարցազրոյցներ տալէ Կազայի վրայ յարձակման կամ Իսրայէլի հետ ԱՄԷ-ի յարաբերութիւններու մասին։
Բայց մէկ Իմիրաթցի մը, 20 տարեկանը անց է, համաձայնած է խօսիլ՝ պայմանաւ, որ զինք ներկայացնեն իր երկրորդ անունով՝ Սալեմ:
Սալեմ նկարագրած է զզուանքի իր աճող զգացումը, քանի որ մինչ ինք կը վայելէր յարմարաւէտ կեանքը՝ փայլուն երկնաքերերու եւ սրճարաններու մէջ, Կազայէն մահուան եւ աւերածութիւններու պատկերներ կու գային:
Ան ըսած է. «Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները հիասթափեցնող էին, մանաւանդ որ ես եւ շատ Իմարաթցիներ մեծցած ենք՝ պաղեստինցիները համարելով մեր եղբայրները, եւ մենք պէտք է պաշտպանենք զիրենք»:
Սալեմը աւելցուցած է. «Այժմ կը կարծեմ որ «Աբրահամի համաձայնագրեր»ը փորձ էին շահելու ԱՄԷ-ի արեւմտեան դաշնակիցներու աջակցութիւնը, եւ սա ինծի զգալ տուաւ, որ կարծես իմ երկրիս արժէքները կը վաճառուին»:
Այս ծիրէն ներս, ընկերաբանական հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ յարձակումէն առաջ Իմարաթական տեսակէտները բնականոնեցման համաձայնագրերու նկատմամբ աւելի մութ էին:
Ըստ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկին, «մինչեւ 2022 թուականի նոյեմբերը ԱՄԷ-ի մէջ հարցուածներու 71%-ն ըսած է, որ համաձայնագրերը բացասական ազդեցութիւն ունեցած են իրենց տարածաշրջանին վրայ»: