image

Իրաք. Բողոքի նոր ալիք կը հասուննայ

Իրաք. Բողոքի նոր ալիք կը հասուննայ

Իրաքի դաշնային դատարանը, որ պատասխանատու է ընտրութիւններու արդիւնքներու հաստատման համար, մերժած է Ֆաթըհ դաշինքի՝ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու հայցը:

Դատարանը մերժած է նաեւ Իրաքի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները չեղարկելու մասին հայցը՝ դատարանին մէջ խորհրդակցական նիստ կայացնելէ յետոյ», նշելով, որ «Իրաքի դաշնային դատարանի որոշումը ընտրական բողոքարկման վերաբերեալ կայացուած է այսօր, երկու անգամ յետաձգուած է»:

Դաշնային դատարանը կոչ նաեւ կոչ ըրած է յաջորդ խորհրդարանին՝ փոխելու ընտրական օրէնքը եւ ընդունելու բացառապէս ձեռքով հաշուարկի ու տեսակաւորման համակարգ։

Իրաքի դաշնային դատարանի վերջնական վճիռի հրապարակման հետ մէկտեղ՝ արդիւնքները մերժող ցուցարարները սկսան հաւաքուիլ եւ ցոյցեր ընել Պաղտատի կեդրոնը գտնուող Կանաչ գօտիի մուտքերուն դիմաց:

Ցուցարարները անիւներ հրկիզած են Պաղտատի Կանաչ գօտիի դարպասին մօտ, փակած են ճանապարհները եւ ամբողջութեամբ կաթուածահար ըրած են քաղաքին երթեւեկութիւնը։

Ցուցարարները նաեւ շրջափակած են Բարձրագոյն դատական խորհուրդը Կանաչ գօտիին մէջ՝ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ, եւ մեծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուած են Դաշնային դատարանին մօտ։