Ճօ Պայտըն. «Մենք պէտք է միասնական մնանք, քանի որ Փութինը ի սկզբանէ յոյս ունէր, որ ՆԱԹՕ-ն եւ G7-ն ինչ-որ կերպ պիտի քանդուին: Բայց մենք չենք քանդուած ու չենք պատրաստուիր»:
Համաշխարհային առաջնորդները Պավարիոյ մէջ «Մեծ եօթնեակ»ի (G7) գագաթաժողովին համաձայնութեան եկած են աւելցնելու աջակցութիւնը պատերազմի մէջ գտնուող Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պարտութեան մատնելու համար:
Գագաթաժողովին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ պատրաստ է երկարատեւ գործընթացին: Մինչդեռ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն ընդգծած է, որ «նահանջը պիտի ըլլայ աղէտալի սխալ»:
Մինչդեռ Տաունինկ Սթրիթի խօսնակը ըսած է, որ Ռուսիոյ առաջնորդին` G7-ի գագաթաժողովի մեկնարկէն առաջ Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը հրթիռակոծելու որոշումը «յիմարութիւն» եղած է եւ «միայն ամրապնդած է առաջնորդներուն վճռականութիւնը»:
Անոր փոխանցմամբ` Մաքրոն ու Ճոնսըն, որոնք մինչ այս լարուած յարաբերութիւններ ունէին, համակարծիք են այն հարցով, որ առաջին տարբերակը Ռուսիոյ պարտութիւնն է, իսկ երկրորդ տարբերակը` խաղաղութիւնը:
«Երկու կողմերն ալ միաւորուած են: Մաքրոն ըսաւ, որ Ռուսիոյ պարտութիւնը թիւ մէկ տարբերակն է, որ կարելի է հետապնդել: Երկրորդ տարբերակն է Զելենսքին բերել լաւագոյն դիրքի գործարք (խաղաղութեան պայմանագիր) կնքելու համար», ըսած է զրուցակիցը:
Ան յաւելած է, որ Ուքրանիոյ վերաբերեալ այս գագաթաժողովէն հետ ուժեղ յայտարարութիւն պիտի կատարուի:
Յայտնի է, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է. «Մենք պէտք է միասնական մնանք, քանի որ Փութինը ի սկզբանէ յոյս ունէր, որ ՆԱԹՕ-ն եւ G7-ն ինչ-որ կերպ պիտի քանդուին: Բայց մենք չենք քանդուած ու չենք պատրաստուիր»: