Գամիշլիի մէջ այսօր տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն նորօք հանգուցեալ Մարի Պարսումեանի հոգիին համար։
Այս մասին իմացանք Գամիշլիէն։
Կը նշուի նաեւ, որ Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն ներս յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ալ հանգուցեալի հարազատները ցաւակցութիւններ ընդունած են Առաջնորդարանի սրահէն ներս։
Յիշեցնենք, որ հանգուցեալ Մարի Պարսումեանը այրին էր Մկրտիչ Նաճարեանին ան մահացած էր Պէյրութի մէջ։
Մարի Պարսումեան հորաքոյրն էր «Արեւելք»ի բարեկամներէն Գամիշլիի ազգային գործիչ՝ Յակոբ Պարսումեանին եւ այս տխուր առթիւ կը փոխանցենք մեր խորին ցաւակցութիւնները։