Յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Խստօրէն կը դատապարտենք այսօր Հայաստանի պետական սահմանին Ատրպէյճանի կողմից իրականացուած հետախուզական ներթափանցման փորձը, որ յանգեցուցած է մարդկային կորուստներու: Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհուածներու հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
«Այն պայմաններուն մէջ, երբ դեռ յաղթահարուած չէ Ապրիլ ամսուան Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով կարգաւորման գործընթացին հասցուած լրջագոյն վնասը, Պաքուն նոր արկածախնդրութեան կը դիմէ` կոպտօրէն խախտելով Վիեննայի եւ Ս․Փեթերզպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, հիմնահարցը խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու վերաբերեալ յանձնառութիւնը: Պաքուն այսպէս կը պատասխանէ Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հնչեցուցած յստակ պահանջին` անվերապահ պահպանել 1994-1995 թուականներու զինադադարի համաձայնագիրները:
«Միջազգային հանրութիւնը` եռանախագահներու միջոցով, բազմիցս կոչ ըրած է յարգելու զինադադարը յատկապէս տօնական օրերուն: Իրականացնելով ռազմական յարձակում Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախաշէմին` Պաքուն դէմ դուրս կու գայ համամարդկային արժեհամակարգին:
«Միջազգային հանրութիւնը, առաջին հերթին` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրները, անյապաղ քայլերով պէտք է սթափեցնեն իրենց կոչերը ու պահանջները յանդգնօրէն արհամարհող, անոնց հակառակ գացող, իրականութեան զգացումը կորսնցուցած ատրպէյճանական ղեկավարութեան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: