image

Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման նախապայման է. Պայրամով՝ Քայա Քալլասին

Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման նախապայման է. Պայրամով՝ Քայա Քալլասին

Պաքուի մէջ ընդլայնուած ձեւաչափով հանդիպում կայացած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Քայա Քալլասի միջեւ:

Ի թիւս այլնի, քննարկուած է իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ:

«Պայրամով վերահաստատած է Ատրպէյճանի անսասան եւ սկզբունքային դիրքորոշումն առ այն, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յաւակնութիւններու վերացման նպատակով, նախապայման է խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար», -ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։