Թրքական լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդն, որ երկրի արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Մոսկուա մեկնած է։
Ան Մոսկուա պիտի ժամանէ բանակցութիւններ վարելու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Կը հաղորդուի, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Լաւրով եւ Ֆիտան Մոսկուայի մէջ կայանալիք բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկեն բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններու ժամանակացոյցը: «Նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ շրջանին, Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Անդրկովկասի մէջ կացութիւնը եւ պիտի վերլուծեն ռուս-թրքական երկկողմանի համագործակցութեան վիճակը, ներառեալ ուժանիւթային ոլորտին մէջ ռազմավարական նախագիծերու իրականացումը», աւելցուցած է Զախարովա:
Ֆիտան Մոսկուա կ՛այցելէ 25 օգոստոսին Քիեւի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումէն եւ հացահատիկային գործարքը քննարկելէ ետք:
Ըստ ռուսական եւ թրքական աղբիւրներու, սեպտեմբերի սկիզբը կը սպասուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութիւնը Սոչի, ուր ան պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այցելութեան ստոյգ օրը տակաւին յայտնի չէ: