Գիշերը անցած է համեմատաբար հանգիստ ու վերահսկելի։ Ընդհանուր առմամբ հնչած է մօտ եօթ տասնեակ կրակոց հրաձգային զէնքերէ։ ՀՀ ԶՈւ-երը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը։ Այս մասին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան գրած է Facebook-ի իր էջին։
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը կը յայտնէ, որ անցած գիշեր արցախեան սահմանին, հակառակորդի կողմէ հրադադարի ռէժիմը խախտուած է շուրջ 55 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, դիպուկահար հրացաններէ եւ ականանետէ (10 արկ) հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 500 կրակոց: