«Միսս Կլոպուս» 2022 գեղեցկութեան մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Անի Աղվանեան։ Այն պիտի կայանայ Ալպանիոյ մէջ, 15 հոկտեմբերին։ Աշխարհի տարբեր երկիրները ներկայացնող գեղեցկուհիները հանդէս պիտի գան երեկոյեան զգեստներով եւ ազգային տարազներով։ Մրցոյթի կազմակերպիչը Deliart միութիւնն է։ Այս գեղեցկութեան միջոցառումը կը դասուի աշխարհի ամենադիտուած մրցոյթներու շարքին:
Անի Աղվանեանի խօսքով՝ մրցոյթը հրաշալի հնարաւորութիւն է ներկայացնելու իր երկիրը եւ մշակոյթը, ինչպէս նաեւ՝ աւելի լաւ ծանօթանալու այլ երկիրներու մշակոյթներուն եւ կապեր հաստատելու այլ երկիրներու գեղեցկուհիներուն հետ։
Մրցոյթի յաղթողի ընտրութիւնը կը կատարուի դատակազմի կողմէն եւ հաշուի կ'առնուին նաեւ քուէարկութեան արդիւնքները։ Քուէարկութիւնը կը դադրեցուի 16 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10։00-ին։ Մեր հայրենակցուհիին օգտին կրնաք քուէարկել https://www.themissglobe.com/participants2022 յղմամբ։