image
Հրատապ լուրեր:

Ղարաբաղեան հիմնահարցի առընթեր ԱՄՆ կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբին

Ղարաբաղեան հիմնահարցի առընթեր ԱՄՆ կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբին

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը պատասխանած է Ամերիկայի ձայնի հարցման՝ ատրպէյճանական պատկան մարմիններու կողմէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը կապակցութեամբ, որու համաձայն՝ Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիցընպըրկըր շնորհաւորած է Ատրպէյճանին «տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու» առնչութեամբ եւ յայտնած ամերիկեան ընկերութիւններու պատրաստակամութեան մասին՝ մասնակցելու պատերազմի հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերակառուցման:

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան պատասխանին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Մենք կը շարունակենք մնալ խորապէս մտահոգ անցեալ աշնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերսկսուած հակամարտութեան ազդեցութեամբ եւ յստակ կը գիտակցինք, որ տարածաշրջանէն ներս առկայ են մարդասիրական կարիքներ: ԱՄՆ-ը կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներքոյ գործընթացին եւ հաւատարիմ է կողմերուն օգնելու հասնիլ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման՝ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներու հիման վրայ»:

Պետական քարտուղարութիւնը նաեւ աւելցուցած է. «ԱՄՆ-ի պաշտօնական յայտարարութիւնները վստահօրէն կը ներկայացնեն մեր դիրքորոշումները որոշակի հարցերու շուրջ: Օտար կողմերու եւ աղբիւրներու բնութագրումները՝ ոչ: Հետեւաբար, մենք յղում կ'ընենք դեսպան Լիցընպըրկըրի թուիթըրեան գրառման այս հանդիպման մասին»,- նշած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Պաքուի ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը 30 յունուարին թուիթըրեան գրառում կատարած է ԱՄՆ-ի դեսպանի ու Ատրպէյճանի Տնտեսութեան նախարարի միջեւ հանդիպման մասին, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.

«Չորեքշաբթի օր, դեսպան Լիցընպըրկըր հանդիպած է Տնտեսութեան նախարար՝ Ճապարովի հետ՝ քննարկելու ԱՄՆ-Ատրպէյճան տնտեսական համագործակցութիւնը: Ան նշած է, որ տնտեսական վերակառուցումն ու հաշտեցումը, որ կ'աջակցի ԼՂ-ի խաղաղ բանակցային կարգաւորման, օգուտ կու տայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն»: