image

Գէորգ Պէրպէրեան ընդ Մարիա Նազարեան՝ խօսեցեալք

  Գէորգ Պէրպէրեան ընդ Մարիա Նազարեան՝ խօսեցեալք

 Մեզի համար, որպէս «Արեւելք» նման պայծառ լուրերու տարածումը աւելի քան գօտեպնդիչ է  այս նեղ ժամանակներուն, որմէ կ՚անցնինք բոլորս եւ բոլոր մակարդակներու վրայ։ Շնորհաւորութիւններ բոլորին։

Հակառակ դժուարին պայմաններուն Սուրիոյ մէջ իրենց աչքերը լոյսին բացած նորահաս սերունդի զաւակներ գլուխ-գլխի տալով կը բանան ճանապարհը նոր ընտանիքներու կազմութեան։

 Այս առումով ալ ուրախալի լուր մը ստացանք Երեւանէն ուր բնիկ Հալէպցի Գէորգ Պէրպէրեան եւ Լաթաքիացի Մարիա Նազարեան իրարու այո ըսելով առաջին նշան մը դրած են ապագային միասին ապրելու մեծ փափաքին։

 Մեր հայրենակիցներու նշանախօսութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ բարեկամներու լայն շրչանակի մը։Նշենք, որ երկու երիտասրդներն ալ արդէն իսկ նետուած են կեանքի ասպարէզ, մինչ Գէորգ գործի պայմաններու բերումով գործուղուած է դէպի Սուտան (աշխատելու համար հանգարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ) , անդին Մարիա Նազարեան իր տնտեսագիտական կրթութեամբ կարողացած է աշխատանքի տէր դառնալ Երեւանի մէջ։

 Մեր   լսելով երիտասարդ զոյգը կը պատրաստուի Սուրբ Պսակի խորհուրդին, որ պիտի կայանայ յառաջիկայ ամառ մայր Հայաստանի երդիքին տակ։

 

 Մեզի համար, որպէս «Արեւելք» նման պայծառ լուրերու տարածումը աւելի քան գօտեպնդիչ է  այս նեղ ժամանակներուն, որմէ կ՚անցնինք բոլորս եւ բոլոր մակարդակներու վրայ։ Շնորհաւորութիւններ բոլորին։