Երեւանէն «Արեւելք» ուրախ լուր մը ստացաւ։
Արմատներով Լիբանանէն մեր հայրենակից Բիւզանդ Մկրտիչեան իր ընտրեալին՝ Աննա Սարգիսեանին հետ նշանախօսութիւն կնքած է։
Նշենք, որ վերջին տարիներուն հայրենադարձած Բիւզանդ Մկրտիչեան գործարար հանրօգուտ ծառայութեանց մասնագէտ է։
Ան երկար տարիներ ծառայած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ եւ վարած պատասխանատու պաշտօններ։
Ըլլալով որդին մեր ընթերցող հասարակութեան մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող հանգուցեալ Գառնիկ Մկրտիչեանին, ան հասակ առած է հայրենասէր ընկալումներով քաջ յայտնի ընտանիքէ մը ներս ու այդ ուղիով ալ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը հայրենի երկնքին ներքոյ։
Իր կարգին Աննա Սարգիսեան թիֆլիսահայ է, եւ ան նոյնպէս կը գործէ հանրօգուտ ծառայութեանց ոլորտէն ներս։
Այս առթիւ ալ բախտաւորներուն կը հաղորդենք մեր խնդակցութիւնները։