Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին յաւակնող Վալերի Փեքրես նախօրէին մեկնած է Արցախ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «France TV»-ի մեկնաբան Ժուլիէն Նենին։
«Վալերի Փեքրեսը մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղ։ Ան հանդիպած է տեղի քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ։ Անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով՝ այցը չէ լուսաբանուած Հայաստանի մէջ ֆրանսական լրատուամիջոցներու մեծ մասին, այդ շարքին՝ «France TV»-ի կողմէ», թուիթըրեան իր էջով գրած է լրագրողը։
Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Վալերի Փեքրեսը կը խոստանայ, ընտրուելու պարագային, աշխուժացնել Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Հարաւային Կոսվկասի մէջ։ «Մենք գիտենք, եւ այդ մասին յայտարարած է նաեւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը, որ հակամարտութեան, յարձակման պատասխանատուութիւնը ակնյայտօրէն կը կրեն Ատրպէյճանը, անոր թուրք դաշնակիցները, ինչպէս նաեւ շարք մը սուրիացի ճիհատիստներ», Երեւանի մէջ յայտարարած է Փեքրեսը։