ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կ'աշխատի Լեռնային Ղարաբաղ անկախ առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ: Այդ մասին յայտնած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամուլի գրասենեակէն` անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան` 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ ատրպէյճանական զինուժի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան շարունակական պղծման, ձեւախեղման եւ ոչնչացման դէպքերու մասին ահազանգերուն:
ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը յոյս ունի, որ փաստահաւաք առաքելութիւնը այդ խնդիրին կապակցութեամբ հնարաւոր պիտի ըլլայ կեանքի կոչել մօտ ժամանակներուն:
«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ 1954-ի Լահէյի ուխտի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անկախ առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ: Յոյս ունինք, որ այդ հնարաւոր պիտի ըլլայ շուտով, բայց տուեալ պահին անոր համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան: Ուստի քննարկումները դեռ կը շարունակուին», ըսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամուլի գրասենեակի աշխատակից Թոմաս Մալարտը:
Պատասխանելով հարցին, թէ նկատի ունենալով «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով Լահէյի դատարանի 2011-ի Դեկտեմբեր 7-ի վճիռը հրատապ միջոցներ կիրառելու մասին` կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կառավարութեան գործողութիւնները, այդ շարքին վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը, թէ Ատրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «մասնագէտներ»ու աշխատանքային խումբ, որ իբրեւ թէ «աղուանական եկեղեցիներէն» պիտի ջնջէ հայկական գրութիւններն ու այլ հետքերը, եւ թէ արդեօք պատմութեան ատրպէյճանական մեկնաբանութիւնը կրնա՞յ արդարացում ըլլալ կրօնական եւ այլ յուշակոթողներէն հայկական պատմական գրութիւններն ու այլ հետքերը վերացնելու համար, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն շեշտած է, որ պատմամշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ դառնայ գործիք քաղաքական նպատակներու համար:
«Մշակութային ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը պէտք չէ դառնան գործիք քաղաքական որեւէ նպատակի համար: Մենք կոչ կ'ընենք մեր բոլոր անդամ պետութիւններուն ամբողջ աշխարհով մէկ յարգելու այս սկզբունքը», յայտարարած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն:
Նիւթը՝ «Արմենփրես»էն: