image

Երեւանի մէջ. Թեթեւ անձրեւաթափ կը սպասուի

Երեւանի մէջ. Թեթեւ անձրեւաթափ կը սպասուի

Երեւանի  մէջ՝ օգոստոս 13-15-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Օգոստոս 11-12-ին երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ: Երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում`16-20 մ/վ արագութեամբ։

Մարզերուն մէջ՝ օգոստոս 10-15-ին կեսօրէն յետոյ առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։

Քամին՝ հարաւարեւելեան՝ 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 18-23 մ/վ արագութեամբ: Երեկոյեան ժամերուն Արմաւիրի մէջ, Կոտայքի եւ Արագածոտնի նախալեռներուն մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-21 մ/վ արագութեամբ։

Օդի ջերմաստիճանը օգոստոս 11-ի ցերեկը կը նուազի 3-5 աստիճանով։