Դեկտեմբեր 4-ին ատրպէյճանական գերութենէն հայրենիք վերադարձած եւ այժմ մեղադրեալի կարգավիճակ ունեցող 5 զինուորներէն մէկուն՝ Ս. Ա.-ի մասով դատարանը բաւարարած է կալանաւորելու միջնորդութիւնը:
Տեղեկութիւնը փոխանցած է անոր պաշտպան Լեւոն Վարդապետեանը: Անոր խօսքով՝ առաջին ատեանի դատարանի կայացուցած որոշումը պիտի բողոքարկեն, ինչպէս նաեւ յայտնած է, որ դեռ սոյն որոշումը չէ ստացած:
Իսկ մեղադրեալի կարգավիճակ ունեցող զինծուորներէն Ն. Ե.-ն պիտի չկալանաւորուի։ Անոր պաշտպան Գարմէն Պօղոսեանը յայտնեց, որ ստացած է դատարանի որոշումը, եւ երէկուընէ Ն. Ե.-ն ազատման մէջ է:
Նշենք, որ միւս երեք գերիներու մասով որոշումը դեռ չէ հրապարակուած: