Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի շարունակէ դիտորդական առաքելութիւնն իր մանթատի հիման վրայ, եւ այս պահուն որեւէ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չկայ: «Ազատութեան» այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումէն ետք սահմանին երրորդ ուժերու դուրսբերման հարց չէ ծագած:
«Ինչպէս ես գիտեմ՝ Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները կ՚ողջունեն Եւրոմիութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Այն կը շարունակէ իրականացնել իր գործունէութիւնը։ Եւ եթէ որեւէ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն ըլլայ, մենք այդ պիտի քննարկենք մեր անդամ պետութիւններու եւ, ի հարկէ, Հայաստանի իշխանութիւններու հետ։
Բայց այս պահուն ես կ՚ուզեմ վստահեցնել հայ հասարակութեան, որ Եւրոմիութեան առաքելութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել իր գործունէութիւնը իր մանթատի հիման վրայ», – յայտարարած է ԵՄ դեսպանը: